Կասկածոտ մարդու նկարագիր

Կասկածոտ մարդու նկարագիր

ի Բազմավէպէ   

(1847)

Կասկածոտութիւնը այնչափ անբժշկելի ախտ մըն է, որչափ որ անիկա ունեցողը խոհեմութիւն կը կարծէ։ Իր ամէն մէկ սնոտի կասկածները՝ մէյմէկ նախատեսութիւն կը սեպէ. կը համարի որ խոհեմութեան ծայրը հասեր է, երբոր ամէն խօսքի ամէն գործքի վրայ կը կասկածի։ Ինքը իր ըրած կասկածնեորվը կը տանջուի՝ հերիք չէ, ուրիշներն ալ իր հետը կը տանջէ. մարդ չգիտեր ի՛նչպէս վարուի որ անոր անճոռնի կասկածներէն խալըսի։

            Կասկածոտը ոչ երբէք հաստատուն բարեկամ մը կունենայ. ամէնքը կը խրտչին իրմէ, տեսնելով որ իրենց վրայ չվստահիր։ Կասկածոտին մէկ յատկութիւնն ալ ան է որ չկարծեր որ զգաս իր ըրած կասկածները, թէպէտ ինք խոսքով ալ գործքով ալ կը յայտնէ զանոնք. դժուարն ալ կու գայ թէ որ զգալ ցուցնես։ Ի՜նչ հակասութիւն. կ'իմացնէ իր կասկածը, ու չուզեր որ իմանաս։ Յանկարծ նշան մը չտաս՝ որ իր կասկածը կրնայ տեղիք չունենալ, քարոզ մը կը սկսի՝ որ լմննալիք չունի. դուք դեռ անփորձ էք, աշխարհքս չար է, ուրիշի վրայ ամէն կասկած քիչ է կըսէ, բայց չուզեր որ իր վրայ մէկը կասկածի։ Թէ որ ամէնքը իրեն պէս մէկմէկու վրայ կասկածէին, աշխարհքս գազաններու որջ մը կը դառնար, ամէնքը մէկմէկէ հեռու կը կենային, քաղաքաժողով ընկերութիւն չէր մնար։ Ալ լաւ է որ մարդ իր փորձած բարեկամին վրայ չկասկածելու համար՝ երբեմն խաբուի, քան թէ զուր կասկածներով իր բարեկամը վշտացնէ։ Ամէն տեսած առաքինութիւնը՝ մարդկային շահու մը համար է կըսէ. իր առջեւը ամենեւին Աստուծոյ համար, կամ բուն առաքինութիւն գեղեցկութեանը համար եղած գործք չկայ. չմտածեր որ խելացի մարդուն առջի ու մեծագոյն շահը Աստուած ու իր հոգին է, որուն համար ամէն բան կը զոհէ։

            Կասկածոտը կը կարծէ որ ամէնքը բաներնին գործքերնին ձգած՝ իր վրայ կը խօսին ու կը ծիծաղին. կը հարցնէ ծառային ալ որ իր վրայ ի՛նչ կը խօսէին, ինչո՛ւ կը ծիծաղէին. ու իրօք ծիծաղելի կըլլայ ծառային առջին, որ գիտէ ուրիշ բանի վրայ խօսիլնին ու չկրնար իրեն հաւտացնել։

            Թէ որ մէկը հարկի մը համար տնէն դուրս ելլէ, աս տեղը կամ ան տեղը չգնացի՞ր ըսելով՝ միտքը բան կը ձգէ որ ուրիշ անգամ իրօք ան տեղերը երթայ։ Սպասաւորին վրայ այնչափ գողութեան կասկածներ կընէ, մինչեւ անոր գողութիւն կը սորվեցնէ։ Որդին զինքը պատուելու ըլլայ, ստակիս վրայ աչք տնկեր է, մեռնիլս կուզէ, կըսէ։ Հանգիստ հրամմէ նստէ ըսես նէ՝ վա՛յ, ասոնք կորկոտ մը ունին եփելու ըսելով՝ տանը չորս դին պտտելէն չդադրիր։ Հողաթափներն ալ սնկով՝ շինած կը հագնի՝ որ ձայնը չելլէ, չիմացուի վրայ հասնիլը։ Բանի մը ձեռք չի զարներ որ չըլլայ թէ վտանգ մը ծագի. Չմտածեր որ շատ անգամ անգործութիւնը մարդս մեծագոյն վտանգներու կը հանդիպցնէ. իր առջին գործունեայ մարդիկ ամէնքն ալ յանդուգն ու անխոհեմ են։

            Վերջապէս՝ կասկածոտութիւնը անանկ ախտ մըն է որ ամէն առաքինութիւններով զարդարուած մարդն ալ ատելի կընէ. ինչու որ կասկածոտը՝ վերի ըսած բաներէս ի զատ, գէշ կասկած կու տայ իր վրայ։ Ընդհանուր առածը կըսէ թէ Յորոց կրէ ոք, ի նոյն ի զայլս կարծէ. Այսինքն ամէն մարդ ինքն ինչպէս է նէ՝ ուրիշներն ալ այնպէս կը դատէ։ Հպարտը ուրիշներն ալ հպարտ կը կարծէ. որկրամոլը՝ որ ուտելու համար կապրի՝ չհաւտար որ ուրիշները ապրելու համար կուտեն. նախանձոտը կը կարծէ որ ամէնքը իր վրայ կը նախանձին. ասանկ ալ ամէն ախտաւոր մարդ՝ ուրիշն ալ իր ախտին տէրը կը կարծէ։ Անոր համար կասկածոտը գէշ կարծիք մը կու տայ իր վրայ՝ թէ ուրեմն ուրիշներու վրայ կասկած ըրած ախտերը իր սրտին մէջը կան. թէպէտ եւ աս բանս միշտ չստուգուի, որովհետեւ առաքինի մարդիկ ալ երբեմն կասկածոտ կըլլան. ու թէ որ ընդհանուր առածէն՝ որ վերը ըսինք՝ բացառութիւն մը կայ ընելու նէ, կասկածոտ մարդն է՝ որ իր չունեցած ախտն ալ ուրիշի վրայ կը կասկածի։

            Եւ թէ ի՛նչ խեղճ բան է՝ անմեղ անձի մը վրայ ծուռ կասկածանք ընելը, Սամուէլ մարգարէին մօրը պատահած բանէն յայտնի է։ Աս խեղճ կնիկը՝ որ զաւակ ունենալու բաղձանքով միայն աշխարհք մտեր էր, ու կը փափաքէր մանչ զաւակ մը ունենալու որ Աստուծոյ նուիրէ, օր մը տաճարին մէջը երկար ատեն լալով աղօթք ընելէն՝ մարելու պէս եղած, ու չկրնալով շրթունքը շարժել՝ երբոր միայն սրտանց առ Աստուած կը պաղատէր, Հեղի քահանայապետը կասկածիլ սկսաւ՝ մտքէն ըսելով որ սա կնիկը գինով պիտի ըլլայ։ Բանը կասկածով միայն չլմնցաւ, իր մտքէն անցածը յայտնեց ալ սպասաւորին. ան ալ խեղճ կնկանը վրայ փրթաւ, ինչուան ե՞րբ պիտի քշէ ատ քու գինովութիւնդ, ելիր կորսուէ գնա ասկից ըսելով։ Խեղճ կինը յանկարծակի եկաւ, ու երթալու ատենը անանկ խեղճ պատասխան մը տուաւ որ Հեղի քահանային սիրտն ալ շարժեցաւ, դարձաւ ըսաւ. Աստուած հետդ ըլլայ ու քու խնդրիքդ կատարէ։ Իրաւցնէ ալ խնդիրքը կատարուեցաւ, Սամուէլ մարգարէին պէս զաւակի մը մայր եղաւ։ Ասկէց յայտնի կերեւնայ որ ի՛նչպէս կասկածոտութիւնը՝ մարդու դատմունքն ալ կը ծռէ. անոր համար հին հեթանոս բանաստեղծներուն առածն է.

 

            Ի կասկածէ տեղի տուր,

            Դատումն անտի ծնանի թիւր։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians