Բարկասիրտ մարդու նկարագիր
Բարկասիրտ մարդու նկարագիր
ի Բազմավէպէ
(1849)
Բարկութիւնն է յանկարծական ու սաստիկ այլայլութիւն մը, որ զմարդը հեզ ու ընկերական բնութենէն հանելով վայրենի կը դարձնէ։ Անոր համար Սենեկա կը սահմանէ բարկութիւնը՝ կիրք ընդդէմ բնութեան. վասն զի մարդս իր բնական վիճակին մէջ կը սիրէ զուրիշները, ու կը գթայ վրանին. իսկ բարկացած ատենը՝ իրմէ անգութ գազան չկայ։ Մարդկս բնութեամբ կ’ուզէ միանալ անծանօթից հետ ալ. իսկ բարկութեան մէջ ծանօթներէն ալ, ազգականներէն ալ, ծնողացմէ ալ կը բաժնուի։ Մարդուս իր կեանքէն աւել ի՞նչ սիրելի բան կայ. բայց բարկութեան ատենը կեանքն ալ կը զոհէ։ Թէ եւ բարկութիւնը ասանկ բնութեան դէմ կիրք մըն է, բայց ուրիշ կիրք մը չկայ՝ որուն մէջ այնչափ ստէպ իյնայ մարդս, ինչպէս աս գազանային կիրքը։
Բարկացած մարդուն կերպարանքն ալ կը փոխուի, այլանդակ կերպարանք մը կ’առնէ. երեսները կրակ կտրած, ճակատը տխուր սեւ մաղձ պատած, աչուըները արիւնով լեցուած դուրս կը ցատքեն, նայուածքը ծուռ, քալուածքը շուտ ու անհանդարտ, անբանի պէս ետեւ առաջ կ’երթայ. ձեռուըները ուժով ուժով վեր վար կը շարժէ, գոյնը ստէպ ստէպ կը փոխուի, արիւնը երակներուն մէջ կ’եռայ, պռկունքները կը դողդոջեն, ակռաները կը կրճտեն, մազերը վեր կը տնկուին, գազանի պէս կը պոռչայ, բառերը հազիւ կը հասկցուին, խօսքերը կարծես որ դժոխքէն կ’ելլեն, ոտքերը գետին կը զարնէ, երեսը չես կրնար նայիլ դէմքին այլանդակութենէն. աս է ահա բարկացողին պատկերը. Անանկ որ մէկ բարկացող մարդու մը առջին՝ բարկացած ատենը հայելի դրին, մէջը նայիլը ու իր դէմքին այլանդակութիւնը տեսնելը բաւական եղաւ՝ որ մէկ մ’ալ բարկութիւնը ի՛նչ ըսել է չգիտնայ։
Թէպէտ եւ ո՛ր եւ իցէ բարկացող մարդ աս աստիճան չհասնիր, ու հասարակօրէն բարկութիւն որ կ’ըսենք՝ աս ամէն այլանդակութիւնները մէկտեղ չունի, բայց միշտ մարդուս բնութիւնը կը նւաստացնէ, ու անբանից հաւասար կ’ընէ։ Վասն զի ո՛ր եւ իցէ բարկութիւն մարդուս բանականութիւնը կը վերցնէ վրայէն, որ բարկացած մարդուն պահանջը հասարակօրէն անիրաւ է։ Կապ մը դիւրաւ չքակուիր, կը բարկանայ. բանալիք մը շուտով չբանար, յիշոցը կը կոխէ. ոտքը քարին կու գայ, քարը կը վերցնէ գետինը կը զարնէ. ձին աղէկ չքալեր՝ կ’անիծէ. վերջապէս կ’ուզէ որ անզգայ ու անբան արարածներն ալ ամէն բանի մէջ իրեն հնազանդին ու զինքը յարգեն։ Յանկարծ ուրիշ մը իր մէկ ձախորդութեանը պատճառ ըլլայ, որչափ ալ չգիտնալով ու անմեղութեամբ եղած ըլլայ՝ օգուտ չունի, կ’ուզէ որ մարգարէ ըլլար, գիտնար գուշակէր անկարծելի բաներն ալ։ Մէկը սահեցաւ ընկաւ, ձեռքի գաւաթն ալ կոտրեցաւ, Խելքդ ո՞ւր է կ’ըսէ, չմտածե՞ս որ իյնալու ըլլաս՝ գաւաթը կը կոտրի. կարծես թէ ան խեղճը իր իյնալը կ’ուզէր, կամ թէ գաւաթը անոր ոսկորներէն աւելի պատուական ըլլար։ Խելացի մարդու մը ասկէց մեծ անարգութիւն ի՞նչ կրնայ ըլլալ. որչափ ալ կերպարանքը այլանդակած չըլլայ, աս այլանդակ մտածութիւնները հերիք են զինքը անբանի նման ընելու։
Բարկացողը օր ունի որ որչափ ալ հեզութեամբ վարուիս հետը՝ անօգուտ է, պէտք է որ ինչպէս գազանի մը քով մօտենալու համար կը դիտես՝ ատե՞նն է թէ չէ մօտենալու, ասանկ ընես իրեն հետն ալ. անանկ ատեն քովը չմօտենալէն ուրիշ ճար չկայ. խօսիս՝ կը բարկանայ. չխօսիս՝ դարձեալ կը բարկանայ. իսկ թէ որ չուզածը խօսիս, կը կատղի. ըսենք թէ իրաւունք ալ ունենայ բարկանալու, ի՞նչ կը վաստակի բարկանալովը, բայց եթէ ուրիշէն քաշած վնասուցը վրայ՝ վնաս մ’ալ ինքն իրեն կ’աւելցնէ։ Բարկութեան մէջ խիստ քիչ խօսք կամ գործք կը պատահի որ ետքը մարդս չզղջայ վրան. անոր համար իմաստուն մարդիկ բարկութեան մէջ ոչ կը խօսին, եւ ոչ կը գործեն, մինչեւ որ բարկութիւննին չանցնէ։ Իմաստունին մէկը իր ծառային վրայ բարկացած ըլլալով՝ ըսաւ. Գնա՛ գոհ եղիր որ բարկութիւնս ելած է, թէ չէ հիմա զքեզ կը պատժէի։ Մէկ ուրիշն ալ իր ծառային վրայ պատժոյ արժանի գործք մը տեսնալով, քովի եղած բարեկամին՝ Ասիկա դու պատժէ, ես բարկացած եմ, ըսաւ ու թողուց գնաց։ Սոկրատին բարկանալուն նշանը՝ իր ձայնը ցածցնելն էր. իմաստուն մարդիկ շատ անգամ բարկութեան ատեն թէ որ խօսք մըն ալ ըսելու ըլլան՝ զուարճախօսութեան կը դարձնեն. Սոկրատ օր մը յանկարծ ճամբու մէջ մէկէ մը ապտակ ուտելով՝ ըսաւ. Ափսո՜ս որ մարդս չգիտեր թէ ո՛ր օր երեսը դիմակ անցուցած դուրս ելլէ տնէն։ Թեմիստոկղէս ալ երբոր ժողովքի մէջ Յունաստանի ազատութեանը վրայ վիճաբանութիւն կ’ընէր, ու հակառակ կարծիք ունեցողներուն մէկը գաւազանով գլխուն զարկաւ, աս իմաստուն խօսքը զուրցեց. Զարկ, բայց խօսքիս մտիկ դիր։
Comments
Post a Comment