Ծերք
Ծերք
ի Բազմավէպէ
(1860)
Թէ որ ես ուզենամ ճամբորդութիւն մը ընել՝ անոնց խորհուրդ կը հարցնեմ որոնք որ մէյմը նոյն ճամբան ըրեր են. անանկ չէ՞։ Ծերերն ալ մարդկանց մէջ ան ուղեւորներն են որ մեր նոր սկսելու ճամբան արդէն իրենք ըրած են. չարն ու բարին տեսած, վտանգները, դժուարուտ անցքերն եւ հանգչելու յարմար տեղուանքը սովրած են։ Ուրեմն իրենց խորհուրդ հարցնենք որ իրենց փորձովը մեզի առաջնորդեն. վասն զի ո՛վ որ կ’ուզէ իր անձին տուժիւքը փորձառու ըլլալ, կը տեսնայ թէ ո՛րչափ սուղի կը նստի։
Ծերերն արդէն խել մը զուարճութիւններէ զուրկ են. գոնէ երիտասարդաց իրենց վրայ ունեցած սէրն ու յարգութիւնը տեսնելով մխիթարուին։ Ամփիթէատրոնի մը աստիճաններուն վրայ նստած էին հին Յունաստանի այլ եւ այլ ժողովուրդներ ու եղած խաղարկութիւնները կը դիտէին. հոն ծեր մը եկաւ եւ սկսաւ այլ եւ այլ ազգաց առջեւէն անցնիլ, բայց չեղաւ ժողովուրդ մը որ իրեն նստելու տեղ տայ. երբոր Սպարտացւոց առջեւը հասաւ՝ բոլոր երիտասարդները ամէնքը մէկէն ոտքի ելան, որպէս զի զինքը նստեցնեն. ան ատեն ամբողջ հանդիսարանը սկսաւ ծափարութիւն ընել եւ ծերն ալ գոչեց, Բոլոր Յոյնք առաքինութիւնը կը ճանչնան՝ բայց միայն Սպարտացիք կը գործադրէն։ Մենք ալ գոհ չըլլանք միայն ծափ զարնելով գովել բարիք ընողը, այլ նաեւ հետեւող ըլլանք։
Ծերերը ուրիշ այնչափ նեղութիւններ կը քաշեն՝ թող մխիթարութիւն մըն ալ ունենան, տեսնալով երիտասարդաց իրենց վրայ ունեցած խնամքը։ Նայէ Գրիգորիկը, ի՛նչ ազնիւ տղայ է. ստեպ ստէպ Մինաս ծերուկին այցելութիւն կ’ընէ, որ խեղճը որդիքը կորսնցնելով չոր գլուխ մնացած է. իրեն անցած գացած պատմութիւններ պատմել կու տայ, խորհուրդ կը հարցնէ, քալելու որ ելլայ իրեն ընկերութիւն կ’ընէ, կը ջանայ որ ամենեւին նեղութիւն չտայ եւ իրեն ձանձրանալի կեանքը իր երիտասարդական աշխուժովը կը կենդանացնէ։ Մինասն ալ բոլորովին ոգի կ’առնու, ինչպէս թէ որ ծերացած ծառի մը բունին վրայ նոր պատուաստ մը ընես. Իսկ Գրիգորի՞կը, անտարակոյս ատենօք առաքինի ու քաղաքակիրթ մարդ մը կ’ըլլայ։
Ո՛վ պատանեակք, դուք հիմա արգելք մը չունիք ու աշխոյժ էք. բնութիւնը զձեզ կը զուարթացնէ, արտօրէից կենդանութիւնը զձեզ կը մխիթարէ, մարգաց ծաղկազարդ կանանչութիւնը, անտառաց քաղցր ստուերները, վերջապէս ամէն բան այս հասակներնուդ մէջ ձեզի զուարթ կ’երեւայ, եւ բիւր ապագայ ուրախարար յոյսեր ձեր միտքը կը գրաւեն. բայց ատենը կու գայ որ տարիներուն շատութեանը հետ մտածութիւններ, հոգեր, տկարութիւններ կը սկսին վրանիդ տիրել. Վերջը եթէ լաւ ապրիք՝ կը ծերանաք. ի՞նչպէս կը փափաքիք ուրեմն որ ան ատեն ձեր հետը վարուին։
Comments
Post a Comment