Ինչ որ ընես՝ քեզ կ'ընես
Ինչ որ ընես՝ քեզ կ’ընես
ի Բազմավէպէ
(1848)
Ատենով տէվրիշ մը կայ եղեր որ սովորութիւն ըրեր է՝ անդադար աս խօսքս կը զրուցէ թէ ինչ որ ընես՝ քեզ կ’ընես. աս ըսելով դռնէ դուռ ողորմութիւն կը մուրայ եղեր։ Օր մըն ալ կ’երթայ մէկ դուռ մը կը զարնէ, Տանտիկին, կ’ըսէ, ինչ որ ընես՝ քեզ կ’ընես. բան մը տուր որ ելլեմ երթամ. կինը կը հանէ կարկանդակ մը կու տայ, տէվրիշն ալ, ինչ որ ընես քեզ կ’ընես կ’ըսէ ու կ’առնու կ’երթայ. բայց կարկանդակին համն ալ բերանը մնալով՝ կը սկսի ամէն օր գալ՝ նոյն խօսքերով բան մուրալ։ Խեղճ կինը կը ձանձրանայ տէվրիշին ձեռքէն, բայց ի՞նչ ընէ, անիկա կարկանդակը չառած՝ երթալիք չունի. եւ որովհետեւ իր որդին ու էրիկը պատերազմի գնացած են եղեր, անոնց ողջ առողջ դառնալուն համար ըլլայ ըսելով ամէն անգամ ողորմութիւնը կու տայ եղեր։ Վերջապէս ճարը կը հատնի, օր մը կարկանդակը շինած ատենը մէջը թոյն կը դնէ որ տէվրիշը ուտէ մեռնի, ինքն ալ ձեռքէն ազատի։ Երկրորդ օրը կը տնկուի տէվրիշը, դուռը կը զարնէ, Տանտիկին, կ’ըսէ, ինչ որ ընես՝ քեզ կ’ընես. քիչ մը բան տուր՝ ելլեմ երթամ. կինը կը հանէ կու տայ կարկանդակը. տէվրիշն ալ կ’առնու կը դնէ տօպրակն ու կ’երթայ։
Տէվրիշին բնակարանը քաղաքէն դուրս է եղեր. դէպ ի հոն երթալու ատենը՝ պատերազմէն ետ դարձողներէն երկու ձիաւոր ասոր վրայ կը յարձակին, Տօպրակիդ մէջ ոսկի՞ կայ ի՛նչ կայ՝ տեսնենք կ’ըսեն։ — Չէ պարոններ, բան մը չկայ։ — Չէ, չըլլար, բաց նայինք։ Կը բանայ, կը նային որ մէջէն կարկանդակ մը ելաւ, մէկէն կ’առնուն կ’ուտեն, ուրախութեամբ տուն կու գան։ Մէկը մէկալը կ’ելլեն ասոնց աչքիլուսի կը վազեն. ասոնք ըսես նէ՝ քանի կ’երթան կը բռնկին տակնուվրայ կ’ըլլան, մահուան դուռը կը հասնին։ Կը հարցնեն եկողները թէ, Աս հիւանդութիւնը շատո՞նց է որ ունեցաք։ — Չէ, կ’ըսեն, մենք հիւանդութիւն երես տեսած չունինք. ողջ առողջ եկանք. միայն թէ քաղաք մօտեցած ատեննիս տէվրիշի մը տօպրակը պարպեցինք, մէջէն կարկանդակ մը ելաւ, կերածնուս պէս՝ ասանկ եղանք կ’ըսեն ու կը մեռնին։ Կինը լսելուն պէս՝ ձեռուըները գլխուն զարնելով Վա՜խ, աս ի՞նչ ձուն էր որ ես իմ գլխուս բերի կ’ըսեր ու կու լար կ’ողբար, վասն զի գիտէր որ պատճառը իր եփած կարկանդակն է։ Տէվրիշը կու գայ երկրորդ օրը, կը հասկնայ եղածը, կը դառնայ կ’ըսէ կնկանը. Հապա ես ամէն օր քեզի չէի՞ ըսեր թէ ինչ որ ընես քեզ կ’ընես. նորէն կ’ըսեմ՝ քեզ կ’ընես։
Comments
Post a Comment