Բարեգործութիւն

Բարեգործութիւն

ի Բազմավէպէ

(1848)

Մարդուն մէկը պարկ մը ալիւր ձիուն վրայ բեռցուցած՝ ինքն ալ վրան նստած՝ ջաղացքէն տուն կը դառնայ եղեր։ Փողոցի մը գլուխ կը հասնի չի հասնիր՝ իր դրացիներէն մէկը ասոր վրան կը վազէ, եւ հաստ գաւազանը վրան վերցնելով, «Կա՛մ ալիւրդ կու տաս, կամ հիմա քեզ կը մեռցնեմ» կ'ըսէ։ Ձիաւորը մէկէն ի մէկ վար կը ցատքէ՝ մարդուն վզէն բռնելն ու գետինը զարնելը մէկ ընելով, «Տեսնենք, կ'ըսէ, ո՛վ զո՛վ կը մեռցնէ։» — «Կամ մեռցուր, կամ ալիւրդ տուր, կ'ըսէ մարդը. վասն զի ես ալ, տղաքս ալ, կինս ալ, անօթի պիտի մեռնինք»։ Մարդը զարմանք ցուցնելով, «Ի՞նչ. անօթութենէ պիտի մեռնի՞ք, կ'ըսէ. ատ ուրիշ բան է. բայց ես չեմ ուզեր որ աւազակ ըլլաք, ա՛ռ աս ալիւրը քեզի ըլլայ» ըսելով, պարկը անոր կռնակը կու տայ կը ճամբէ։ Ան միջոցին ձին իր բեռէն թեթեւցած՝ շիտակ վազեր տիրոջը տունը գացեր է։ Տանտիկինը աս ձին առանց երկանը՝ առանց ալիւրի տեսածին պէս՝ աղաղակ մը կը վերցնէ տանը մէջն ու դէպ ի ջաղացքը վազելու ատենը՝ էրիկը դիմացը կ'ելլէ, գլխէն անցածը կը պատմէ։ Բարեսիրտ կինը աս լսելուն պէս՝ կը վազէ իր մառանը՝ քանի մը հաց կ'առնէ՝ գոգնոցին մէջ կը պլլէ, «Ան խեղճերը ատանկ անօթի են՝ ինչպէս պիտի համբերեն որ խմորը հասնի ու եփի որ ուտեն» կ'ըսէ երկանն, ու կ'երթայ շիտակ դրացիին տունը կը մտնէ։ Տնեցիք զինքը տեսածնուն պէս ահու դողի մէկ կ'իյնան. բայց երբոր հացը կը տեսնեն՝ աշխարհք իրենցը կ'ըլլայ, վասն զի ան խեղճ տղաքը ալիւրին գլուխը անցեր ափով կ'ուտեն եղեր։ Աս սքանչելի բարեգործութեան պտուղը ան կ'ըլլայ որ մարդը իրեն գործք մը կը գտնէ, կ'աշխատի, իր տղաքն ալ բարի կրթութեամբ կը մեծցնէ. որ թէ որ անգութ կամ անխոհեմ մարդու մը հանդիպած ըլլար, ինքը կը կախուէր, տղաքն ալ կը փճանային։


«Բարեգործութիւնը իր յարգը կը կորսնցնէ թէ որ ըրած բարիդ ամենուն իմացնելու ետեւէ ըլլաս. կ'ուզե՞ս որ ուրիշները չմոռնան. նայէ որ ամենէն առաջ դու մոռնաս։»


Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians