Թեթեւամիտ մարդու նկարագիր

Թեթեւամիտ մարդու նկարագիր

 

ի Բազմավէպէ

 

(1860)

 

Տաճկի զէվզէկ (zevzek) բառին հայերէն մասնաւոր բառ մը չունինք՝ ռամկօրէն հաւկիթ կըսենք։ Թեթեւամտութիւնը անանկ պակասութիւն մըն է, որ աւելի դիւրին է զգալը քան թէ բացատրելը։ Թեթեւամիտ մարդը իր գիտցածը՝ ուր որ ըլլայ՝ կուզէ ծախել. ուստի իմաստակութիւնը թեթեւամտութեան մէկ տեսակն է։ Թեթեւամիտ մարդը թէ որ նոր զգեստ մը հագած ըլլայ, ստէպ վրան կը նայի կը շտկռտէ. եթէ մատը մատանի մը ունի, նոյն մատովը քեզի ճամբայ կը ցուցնէ՝ որ մատանին տեսնես. քաղաքավարութիւն ընելու համար այնչափ կը ծռմռկի, այնչափ բնականէ դուրս շարժմունքներ կընէ, որ կը խնդաս։

Ըսածս աղէկ կիմացուի՝ թէ որ մէկը գիտէ ատենիս երիտասարդներէն ոմանց խաթուններու հետ տեսնուիլը. հաւկթին բուն դեղնուցը կը տեսնէ։ Ուրիշի հաճոյ երեւնալու անձնասիրութիւնը գէշ բաղձանք չէ. բայց անոր համար իր պարտքին դէմ ընելը թեթեւամտութիւն է։ Աղջիկ զաւակներ կան՝ որ բարեպաշտ ու ջերմեռանդ ալ են, բայց քանի մը կէս փիլիսոփայ տղոց հաճոյ ըլլալու համար՝ ջերմեռանդ երեւնալ չեն ուզեր, բարեպաշտութիւննին ներսերնին միայն կուզեն պահել, արտաքսապէս ալ ցուցնելէ կամչնան։

            Թեթեւամտութեան ամենէն վնասակար բանը ան է որ տղայական բաները մեծ բան սեպել կու տայ, ու հարկաւոր բաները տղայական։ Այսօրուան օրս հագուած կապուած թատրոնները երեւնալ, պարելու երթալ ու զիրենք ցուցնելը, հարկաւոր բաներու տեղ դրուած են, անզգայ մարդ մը կը սեպուի ան որ պարկեշտութեամբ ու զգուշութեամբ կը վարուի խաթուններու հետ. պէտք է գովէ անոնց աղուորութիւնը. իսկ առաքինութիւննին ու ուրիշ կատարելութիւննին երկրորդական բաներ սեպուած են. պէտք է անոնց բնական ու բարոյական պակասութիւններն ալ մարդահաճութեամբ գովէ։ Աս ամէն բաները հարկաւոր կը սեպուին. իսկ ծնողաց հետ մեծարանօք վարուիլ. եւ օտարաց հետ ծանրութեամբ, տղայամիտ ըլլալ ու բան չգիտնալ կը սեպուի. ամէն որդիական սիրոյ զգացմունք ներսը պահելու է. դրսուանց յայտնելը թեթեւամտութիւն սեպուած է։ 

Առաջուց ամէն բարի զաւակ իրիկունը տուն դարձած ատենը հօրը մօրը ձեռքը կը պագներ. Ամէն աղջիկ զաւակ առտուանց իր ծնողքը կը բարեւէր ձեռքերնին պագնելով։ Առաջուց մեր հայրերն ու պապերը առանց աղօթք ընելու կամ պատարագ մը տեսնելու՝ բաներնուն գործքերնուն չէին երթար, գիտէին որ անիկա ատեն կորսնցնել չէր՝ ատեն վաստակել էր, անով բաներնին կը յաջողէր. իսկ հիմա ասանկ մտածելը թեթեւամտութիւն կը սեպուի։ Անոնք առանց երեսնին խաչ հանելու, առանց Հայր մեր ըսելու, սեղան չէին նստեր. իսկ հիմա աս ալ վերցուելու վրայ է, առանց մտածելու որ հին հեթանոսներն անգամ առանց աղօթքի սեղան չէին նստեր։ Անոնք առտու իրիկուն աղօթք ընելը քրիստոնէին պարտք կը սեպէին, հիմա եկեղեցականաց պարտք կը սեպուի. կրօնական պարտքերնին ստէպ կատարողներուն վրայ ալ խնդացողներ կան, ընողները խղճահար կը սեպուին։ Արդ ներքին բարեպաշտութիւնը, ներքին զգացմունքը, ամենայն իրօք հարկաւոր է, առանց անոր դրսինը բանի չգար. եւ դարձեալ աս ալ ստոյգ է որ ներսէն ունեցողը՝ անկարելի է որ դրսուանց ալ չյայտնի, ու դրսինը ներսինին պահպանութւին է։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians