Արեւմտահայերէն շարադասութեան վրայ

 Արեւմտահայերէն շարադասութեան վրայ

Արմենակ Եղիայեան

(2022)

Շարադասութիւնը  բառերու՝ խօսքի մէջ  ունեցած կարգը որոշ սկզբունքով կատարելու արուեստն է. ան  ունի երկակի արժէք՝ քերականական եւ ոճաբանական:

        Առ այս ան իր ծաւալուն տեղը կը գտնէ հաւասարապէս քերականական ու ոճաբանական ձեռնարկներու մէջ, ուր սերտողութեան առարկայ են խօսքի իւրաքանչիւր անդամի, այսինքն՝ ենթակայի ու իր լրացումներուն եւ դիմաւոր բայի ու իր լրացումներուն ենթադրելի դիրքերը: 

        Այս յօդուածով պիտի անդրադառնանք դիմաւոր բային՝ ստոորոգիչին: 

        Նախքան հայերէնին անցնիլը՝աչք մը նետենք հետեւեալ հայատառ թրքերէն հատուա-ծին, որ առնուած է «Ակօս»-ի 18 մարտ 2022-ի թիւէն, թէկուզ անհասկնալի ըլլայ ան: 

        --14 Մարտ Թըփ պայրամը նետենիյլէ Թաքսիմտէ Աթաթիւրք Անըթընա չելենք պըրաքմաք իսթէյեն հեքիմլերէ փոլիս միւտահալէ էթթի (= ըրաւ)։ 

        --Միւտահալէ սըրասընտա փոլիս, 89 եաշընտաքի Տոքթոր Էրտինչ Քէօքսալը իթերեք տիւշմէսինէ նետեն օլտու (= եղաւ)։ 

        --Քէօքսալ փոլիսէ դէփքի կէօսթերերէք. «Անանըզը, պապանըզը թետաւի էթթիք, եափմայըն։ Այըփթըր» տետի (= ըսաւ)։ 

        --Իսթանպուլ Թապիփ Օտասը, 14 Մարտ Թըփ պայրամը նետենիյլէ Թաքսիմտէ Աթաթիւրք Անըթընա չելենք պըրաքմաք իսթետի» (= ուզեց)։ 

        Ան կազմուած է չորս պարզ նախադասութիւններէ, որոնց իւրաքանչիւրին միակ դիմաւոր բայը՝ կարմիր ներկուած, հետեւողականօրէն ինկած է նախադասութեան վերջը: Հատուածը որեւէ ընտրութեան առարկայ չէ եղած, այլ առնուած է բոլորովին պատահականօրէն եւ իր այս սեղմ ծաւալովն ալ կը հաստատէ թրքերէնին բնորոշ յատկութիւն մը. այստեղ դիմաւոր բայը կը գրաւէ նախադասութեան վերջին դիրքը:

        Հայը՝ աւելի քան հինգ դար, իսկ աշխարհաբարը իր կազմաւորման ամբողջ տեւողութեան ապրեցաւ թրքերէնի այս շարադասութեան ազդեցութեան ներքոյ: Այն աստիճան, որ Մանուկ Աբեղեան, իր «Հայոց լեզուի տեսութիւն» կոթողական աշխատութեան մէջ չէր վարաներ գրելու անցած դարու առաջին քառորդին.

         «Բայը... ամէնից վերջն է ընկնում. օրինակ՝ “Մայր Արաքսի ափերով քայլամոլոր գնում եմ» (§199): Այսպիսի շարադասութիւնը ան կը կոչէ «սովորական», ուրիշներ կը կոչեն «ուղիղ», իսկ շեղումները՝ «շրջուն»:

        Եթէ Աբեղեան հինգերորդ դարուն շարադրէր իր տեսութիւնը, ան  նման կանոնի պիտի չակնարկէր  այն պարզ պատճառով, որ  հայերէնի բնիկ շարադասութիւնը, որ հնդեւրոպերէնէն ժառանգուած պէտք է ըլլար,   նման թելադրանք պիտի չընէր երբեք:

Արդարեւ,  հայերէն գրուած առաջին գիրքի առաջին գլուխի առաջին մէկ քանի օրինակները  կը հաստատեն  բոլորովին ուրիշ  իրողութիւն մը:

        --Ի սկզբանէ արար Աստուած զերկին և զերկիր։ 
        
        --Հոգի Աստուծոյ շրջէր ի վերայ ջուրց։ 
        
        --Եւ ետես Աստուած զլոյսն զի բարի՛ է։ 
        
        --Եւ մեկնեաց Աստուած ի մէջ լուսոյն և ի մէջ խաւարին։ 
        
        --Եւ կոչեաց Աստուած զլոյսն տիւ, և զխաւարն կոչեաց գիշե՛ր։ 

        Ասոնք առանց մասնաւոր ընտրութեան ջոկուած են «Ծննդոց» գրքի առաջին համարներէն եւ ցոյց կու տան շարադասական այն զուարթ պէսպիսութիւնը, որուն գերազանցօրէն կը տիրապետէին մեր աւագ թարգմանիչները: Այս նոյն պէսպիսութեամբ ալ շարունակած է գրաբարը մինչեւ 19-րդ դարը. ստորեւ նմուշներ՝ առնուած Պեշիկթաշլեանի «Հայաստան» քերթուածէն.

        --Յորժամ յուսով խայտայ բնութիւն յետ դառնաշունչ ձմեռանւոյն... 
       
        --Եւ յինէն խոյս տացեն վայելք կենաց թեթեւ ի գարշապար... 
        
        --Ի քեզ ես դարձ առնեմ յայնժամ, ո՛վ ցանկալիդ իմ Հայաստան... 

        Որոնք շարադասուած են այն նոյն լուսեղէն լեզուամտածողութեամբ, որ յատուկ էր հինգերորդ դարու լուսաւորիչներուն:
        
        Այս տուեալներով՝ եթէ աշխարհաբարը բոլորովին չկքեցաւ թրքերէնի ոճին տակ, պատճառը այն էր, որ գրաբարը 19-րդ դարու մինչեւ վերջերը, ճիշդը՝ 1892, դասաւանդուող միակ հայերէնն էր դպրոցներու մէջ եւ իր բարերար ազդեցութիւնը կը գործէր արեւմտահայ լեզուամտածողութեան վրայ, կը սանձէր շեղումները եւ նուազագոյնի կ’իջեցնէր զանոնք՝ առանց բոլորովին ջնջելու թրքական ծանծաղ ու դարձդարձիկ ոճի բոլոր հետքերը:


            --Իր ճիւղերն ու ընձիւղները՝ անհուն տարփանքի մը, ջիղերու մշտնջենական երիտասարդութեան մը գալարումները, պրկումները ունին (Գ. Զոհրապ, «Մամայիդ բարեւ ըրէ՛»): 

            --Եւ ծերութիւնը, այս ծառին մէջ, ամէն գարնան՝ մոլեգին, ախտավարակ ծլումներով, ծաղկումներով աչքի կը զարնէ (անդ): 

            --Խոնջենքը իր գգուանքին իմ փոփոխամիտ երիտասարդի խառնուածքիս վրայ՝ պատատուկ բոյսի մը հազիւ թէ զգալի փաթթուածքովը՝ շղթայի մը ծանրութիւնը կ’առնէր (Գ. Զոհրապ, «Վերադարձը»): 

        Օրինակները, ինչպէս նկատելի է, քաղուած են Զոհրապէն: 

        Զոհրապ համալսարանական իր զոյգ մասնագիտութիւններով՝ ճարտարապետութիւն եւ իրաւաբանութիւն, այլեւ իր առօրեայ շփումներուն բերումով շատ խոր ազդեցութեանը տակ էր թրքրէնի, իմա՝ օսմաներէնի, որուն աւելի լաւ կը տիրապետէր, քան հայերէնին, եւ իր շարադրանքին մէջ շատ յաճախ տուրք տուած է թրքերէնի այս շարադասութեան՝ բայը տանելով նախադասութեան բոլորովին վերջը: 

        Անշուշտ ինք միակը չէր: Եւ այլ հարց, թէ, միւս կողմէ, միշտ եւ ամէնուր ասպէս գրած չեն նախ ինքը՝ Զոհրապը, ապա իր ժամանակակիցները: 

        Յետ եղեռնեան տարիները, ուր հայ-թուրք կենակցութիւնը ընդհանրապէս վերջ գտաւ, շատ բան փոխեցին բայի շարադասութեան մէջ, սակայն եւ այնպէս աւանդոյթի յիշողութիւնը առկայծ մնաց մեր արեւմտահայ գրողներու ենթագիտակիցին մէջ՝ մերթ ընդ մերթ ի յայտ ցայտելով եւ հաստատելով, թէ բոլորովին անհետացած չէ:

        Ստորեւ օրինակներ՝ 

        --Աստուծոյ փառք տալը միաստուածեան երեք կրօններու ուսուցումներուն ու ծիսական արարողութիւններուն առանցքը կը կազմէ ( «Հասկ», 7-8, 2021, էջ 326): 

        --Առօրեայ կեանքի մէջ սովորական արտայայտութիւն դարձած Աստուծոյ փառք տալը, շնորհակալութիւն ու երախտագիտութիւն յայտնելը իր մէջ խորունկ նշանակութիւն ու պատգամ ունի (անդ): 

        --Օդակայանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ապտոլլահեան Լիբանանին օժանդակելու եւ տնտեսական ու առեւտրական մարզերուն մէջ գործակցութիւնը ամդրապնդելու Իրանի պատրաստակամութիւնը յայտնեց («Ազդակ», 25-3-2022, էջ 2): 

        --Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճո Պայտըն ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին մասնակ-ցելու նպատակով Պրիւքսել ճամբորդելու համար Սպիտակ տունէն մեկնած ատեն լրագրողներուն Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ կողմէ քիմիական զէնքով յարձակումի մը կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ... (անդ, 24 մարտ 2022, էջ 4): 

        Այս պարագային, որքան երկարի նախադասութիւնը,-- ինչպէս վերջին երկու օրինակներն են,-- այնքան աւելի կը ծանծաղի խօսքը, ընդհուպ ձգելով մահախօսականի մը ճնշիչ ու մռայլ տպաւորութիւնը:


Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians