Իրւաունք եւ պարտք ճշմարտութեան
Իրւաունք եւ պարտք ճշմարտութեան
ի Բազմավէպէ
(1860)
Ի՞նչ կ’ըլլար աշխարհք թէ որ մարդիկ տարբեր բան մտածէին ու տարբեր բան խօսէին. թէ որ այոին տեղ չէն փոխանակէին, թէ որ իրենց տուած խոստմունքները չպահէին. բնաւ մէկը բան մը չէր հասկնար, ոչ ոք ուրիշին վրայ կրնար վստահանալ, եւ մեր խօսելու զարմանալի գործիքը լեզուն՝ զոր մէկմէկու հետ միաբանելու եւ մէկմէկու օգնելու համար առած ենք Աստուծմէ, ընդունայն՝ մանաւանդ թէ վնասակար ալ կ’ըլլար։ Բայց ինչպէս իրաւունք ունինք մեր բարեկեցութեան փոյթ ունենալու եւ զմեզ կատարելոագործելու, ասանկ ալ նաեւ իրաւունք ունինք ճշմարտութիւնը գիտնալու, եւ պարտական ենք ճշմարիտը զրուցելու։
Երբէք սուտ չխօսիս, ո՛վ պատանեակ. Արուեստակեալ բառերով մի կեղծեր ճշմարիտը, բառերուն տարբեր իմաստ տալով. եւ չըլլայ թէ ճշմարտութենէ դուրս տարբեր բան մը երեւցնես քու կերպերովդ։ Ասկէ աւելի ինչ լաւ գովեստ կրնայ ըլլալ՝ երբոր մէկու մը համար ըսեն. Անկեղծ մարդ է, ու խօսքը բռնող։ Բայց ով որ սուտ կը խօսի յայտնի կը ցուցնէ որ չար միտք մը ունի, կամ ծածուկ ախտ մը որով կ’ամչնայ ճշմարիտը ըսելու։ Ասոր համար կ’ըսուի թէ սուտ խօսիլը անխելքներուն համար աղէկ զէնք մըն է. թէպէտ եւ շուտ մը կը մատնուին, վասն զի սուտին սրունքները կարճ են, եւ ան ատեն ինչ ամօթ է մարդուս ստախօս գտնուիլը։
Դարձեալ մի՛ ըսեր ինծի թէ՝ Սուտ մը խօսեցայ՝ բայց թեթեւ բան մըն էր, եւ բնաւ մէկու մը վնաս չէր բերեր, մանաւանդ թէ զիս ալ զուրիշներն ալ չարիքէ մը կ’ազատէր։ Ստոյգ չարիք մըն է սուտ խօսիլը, եւ անստոյգ անկէ առաջ գալու բարիքը. բարիք կ’ելլէ ասկէ ըսելով՝ չարիք գործել չըլլար. թեթեւ սուտ մը աւելի մեծերուն դուռ կը բանայ. թէ որ դուն լաւ կարծելով սուտ խօսեցար, նոյնպէս ուրիշներն ալ մտքերնին աս բանս կամ ան բանը լաւ դնելով, կը սկսին անխիղճ սուտ խօսիլ. եւ այսպէս մարդկային ընկերութեան մէջ վստահութիւնը նուազելով, ընկերութիւնն ալ կը նուազէր։
Խօսքով եղած սուտերէն դուրս զգացման սուտեր ալ կ’ըլլան, երբ սրտերնիս չեղածը արտաքուստ կը կեղծենք։ Կեղծաւորը ջերմեռանդութիւն կը ձեւացնէ, մինչդեռ ինքը գէշ մարդ մըն է. խաբեբան առաքինութիւն կը ձեւացնէ ու կը ջանայ զքեզ մոլորեցնել. շողոքորթը բարեկամ կը ձեւանայ եւ ախտերդ ալ կը գովէ. զգուշացիր շողոքորթներէն. վայրենի գազաններուն մէջ ամենէն վնասակարը՝ չարախօսն է. իսկ ընտանի գազաններուն մէջ՝ շողոքորթը։
Comments
Post a Comment