Իրաւունք եւ պարտք պաշտպանութեան

Իրաւունք եւ պարտք պաշտպանութեան

 

ի Բազմավէպէ

 

(1860)

 

Բայց ի՛նչ բանի կու գային իրաւունքներս թէ որ չկարենայի պաշտպանել ընդդէմ անոնց, որոնք իմ իրաւանցս դէմ կելլեն. Ուրեմն ունիմ կարողութիւն իմ կեանքս, ազատութիւնս, պատիւս, ստացուածքս, ընտանիքս եւ ընկերութիւնը պաշտպանելու։

            Ինքզինքդ պաշտպանելու առաջին հնարքն է՝ փախչիլ այն ամէն բաներէ որոնք քեզի վնաս մը կը բերեն. թէ որ նիւթական բան մը կամ կենդանի մը ինծի վնասէ՝ կրնամ որ եւ իցէ կերպով անկէ ազատիլ, ինչուան զինքը փճացնելով. իսկ թէ որ մարդիկ ինծի չարիք մը ուզենան հասցնել, պէտք է որ բոլոր մտաց եւ մարմնոյ ուժովս իրենց դէմ կենամ, բայց այնչափ միայն՝ որչափ իմ ապահովութեանս համար հարկաւոր է։ Թէ որ գող մը վրաս յարձակի, եւ ես թէ որ կռուելով կամ օգնութիւն կանչելով կրնամ յաղթել իրեն՝ ու ընդհակառակն կը սպաննեմ՝ յանցաւոր եմ։

            Ուրիշէ մը նախատուելով կատղեցար, բայց ի՞նչ շահ եղաւ քեզի. Բարկութիւնը զքեզ աւելի կը խռովէ, եւ ոչ միայն այն ըրածովդ կրած նախատինքդ չսրբեցաւ՝ այլ թերեւս անիրաւեցար բանիւք եւ գործովք։ Չարի չար հատուցանելը մեղք է. լաւագոյն վրէժխնդրութիւնը ներելն է։ Գրիգորը, Ներսեսէն նախատուելով ներեց անոր ու փոխադարձ բարերարութիւն ալ ընելով, «Աղէկ հնարք գտայ, կըսէր, երբ վրէժխնդրութիւն ընել կը մտածէի՝ կը վախէի որ նոր չարիք մը գլուխս չգայ. գիշերը քունս չէր տաներ ու ամբողջ օրը անոր դէմ հնարքներ կը մտածէի. Երբոր հաշտուեցայ, ամէնքը վրաս առաքինի ու քաղաքակիրթ մարդու մը համարմունք առին. Ներսէսն ալ վնաս մը չհասուց, եւ ո՛ գիտէ թէ զինքը գրգռելովս ինչեր չէր կրնար ընել. վերջապէս իմացաւ որ ամենեւին իրաւունք չունէր. եկաւ ինծմէ թողութիւն խնդրեց ու նորէն բարեկամացանք։»

            Ով որ ուրիշի զրկանք մը ըրեր է պէտք է վնասուն փոխարինէ, անիրաւութեամբ առածը ետ դարձնէ, նախատանաց հատուցումն ընէ եւ տուած գայթակղութիւններն ուղղէ. բայց հատուցումը պահանջելու համար հարկ չկայ բռնութիւն ձեռք առնել. կռուփով բան մը չշտկուիր. տեսե՞ր ես արդեօք որ կոտրած դարան մը գաւազանի հարուածով նորոգեն. չէ. պէտք է որ կտորուանքները մէկմէկու քով դնես, սոսինձով կպցնես ու նորոգես. այսպէս ալ մէկը որ իր իրաւունքը նախատինքով ու կռուով կուզէ պաշտպանել, իրեն աւելի կը վնասէ։ Դրացիդ քեզի անիրաւութիւն մը ըրաւ, ջանա քու իրաւունքդ խօսքով անոր հասկցնես. ո՞ գիտէ, թերեւս իրարու խօսքը կրնաք հասկնալ. բայց նայէ որ խօսուածքդ քաղցր ու պատճառներդ զօրաւոր ըլլան։ Թէ որ չկարենաք միաբանիլ, ահաւասիկ արդարութեան ատեանները կեցեր են, բայց անոնց միայն յուսահատ դէպքերու մէջ դիմեցէք, ամենազօրաւոր դեղերու պէս որոնք միայն ամէն հնարք պարապ ելլելէն վերջը կը գործածուին։ Դատաստանը երկու կողմին ալ կործանման պատճառ կըլլայ, եւ շատ անգամ յաղթողն ալ անբաւ ծախք ընելէն ետքը բան մը չվաստակիր։

            Անգամ մը երկու ձկնորս խեցի մը գտնելով ծովեզերքը սկսան կռուիլ թէ որուն կիյնայ խեցին. լաւ մը կռուելէն ու կանչելէն ետքը ելան դատաւորին գնացին. դատաւորը ծանրութեամբ մը ձեռքն առնելով բացաւ ոստրէն ու մէջինը ուտելէն ետքը պատեանին մէկը մէկուն, միւսը մէկալին տուաւ։ Աս առակը մտքերնիդ պահեցէք, եւ ասով թերեւս շատ ծախքերու մտմտուքներէ ազատ կըլլաք։ Դարձեալ մտքերնիդ լաւ դրէք որ մարդուս իր իրաւունքները յարգել տալու լաւագոյն կերպը, ուրիշներուն իրաւունքը յարգել ու մեծարելն է։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians