Իրաւունք եւ պարտք ազատութեան

Իրաւունք եւ պարտք ազատութեան 


ի Բազմավէպէ

 

(1860)

 

Թէ որ մարդս պարտական է ինքզինքը պահպանելու եւ կատարելագործելու, պէտք է որ ազատութիւն ալ ունենայ իրեն պահպանութեանն եւ կատարելոագործելուն համար հարկաւոր եղած բաներն ընելու. բայց աղէկ հասկնանք. ազատութիւն ըսելով ոչ թէ ամէն խելքերնիս փչածն ընել կիմանանք, այլ ինչ որ պէտք է զայն ընել, անանկ որ ոչ ոք պիտի կարենայ արգելք ըլլալ մեր ունեցած կարողութիւնները իրենց վախճանին ծառայեցնել ուզածնուս պէս։ Մէկը ուրիշին գործոցը ան ատեն միայն կրնայ արգելք ըլլալ՝ երբոր հաւասարութեան դէմ ելլան։

         Պատանեկութեան միջոցնիս դեռ չենք ճանչնար թէ ո՛ր բանն օգտակար է եւ ո՛րը վնասակար. ասոր համար ծնողքնիս եւ վարժապետները մեզի կը հրամայեն՝ թէ ա՛ս ըրէ, ան մի՛ ըներ։ Երբ կը մեծնանք՝ կամքերնիս, կիրքերնիս, մեր շահը կամ տգիտութիւնը զմեզ չար գործքեր ընելու կը յորդորեն եւ ուրիշներուն վնասելու. ասոր համար օրէնքներ կան որ կը հրամայեն մեզի ընելիքնիս, որոնք նաեւ կը ստիպեն զմեզ բռնութեամբ եւ պատժօք. ասիկա մեր ազատութիւնը չվերցներ, այլ լմանաւանդ թէ կապահովցնէ։

         Ենթադրենք որ ես ամէն ուզածս ու ախորժածս կարենամ ընել. Ուրիշներն ալ նոյնպէս կարենային ընել. իրենց ըստ կամս հաճոյքը իմ ազատութեանս արգելք կըլլար, որով միշտ կռուոյ եւ ուզածնիս պաշտպանելու վիճակի մը մէջ պիտի ըլլայինք։

         Յայտնապէս ուրիշներուն ազատութեանը կը վնասեմ երբ զիրենք կը ստիպեմ որ որ չուզած բաներնին ընեն, երբ կը պահանջեմ որ ինծի պէս մտածեն, երբ կը ծաղրեմ իրենց գործունէութիւնը ու փութաջանութիւնը, երբ արգելք կըլլամ իրենց կոչմանը, երբ չարասրտութեամբ կը պախարակեմ իրենց ըրածը, երբ իրենց անմեղ գործողութեանցն աչք կը տնկեմ ու կը խափանեմ։ Կը վնասեմ իմ ազատութեանս՝ երբ առանց լաւ մտածելու պարտքեր վրաս կառնեմ, երբ անհոգ կըլլամ այնպիսի վիճակ մը ընտրելու՝ որ կարելի եղածին չափ անկախ ըլլամ ուրիշներէն, երբ պարտքի տակ մտնելով իմ ազատութիւնս կը կորսնցնեմ, երբ անիրաւ գործողութիւններ ընելով՝ ուրիշները կի ստիպեմ որ զիս սանձեն։

         Կրկին կրկին մտածէ ու ինծի պէս կը տեսնաս՝ որ ազատ ըլլալու միակ միջոցն է առաքինի ու քաղաքակիրթ ըլլալը. վասն զի առաքինութիւնը ստոյգ չարիքներէ փախչիլ կը սովրեցնէ, եւ կազատէ յայտնի բռնաւորներու ձեռքէն՝ ինչպէս են ախտերն ու կիրքերը։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians