Բարեկամութիւն
Բարեկամութիւն
ի Բազմավէպէ
(1856)
Մեր էութեան անբաւականութիւնն է որ ծնանել կու տայ զբարեկամութիւնը, եւ բարեկամութեան անբաւականութիւնն է որ զանիկա կորսնցնել կու տայ։
Երբոր մէկը մինակ է, կը զգայ իրեն խեղճութիւնը, կը զգայ որ ապաւինի մը կարօտ է. իր ախորժակներուն պաշտպան մը, իր զուարճութիւններուն ու իր նեղութիւններուն ընկեր մը կը փնտռրէ. կ'ուզէ մարդ մը, որուն սիրտն ու մտածութիւնը կարենայ ինքը գրաւել։ Այս առթիս մէջ՝ բարեկամութիւնը աշխարհքիս քաղցրագոյն բանը կ’երեւայ մեզի։ Բայց այս ցանկացած փափաքին հասնելուն պէս, կը փոխէ մարդ իրեն մտածութիւնը։
Բարիք մը որ հեռուէն կը տեսնուի, մէկէն ի սկզբան մեր փափաքները իրեն կը քաշէ. բայց երբոր ձեռք ձգելու ըլլաս, կը զգաս անոր ոչնչութիւնը։ Մեր հոգին, որուն տեսութիւնը այն բարիքը կը բռներ իրեն հեռաւորութեամբը, չկրնար հոն հանգչիլ, որովհետեւ իր տեսութիւնը դէպ ի աւելի անդին կ’երթայ. ասանկ ալ բարեկամութիւնը, որ հեռուանց բոլոր մեր ակնկալութիւնները գոհ կ’ըներ, մօտանց գոհ չըներ զանոնք. Չլեցներ այն դատարկ տեղը, զորն որ լեցնելու խոստացեր էր. այնպիսի պիտոյքներ կը թողու մեզի, որ մեր միտքը կը վերցնեն ու զմեզ դէպ է ուրիշ բարիքներու դիմել կու տան։
Այն ատեն ինքզինքը կը մոռնայ մարդ, կը խստանայ, ու իբրեւ հարկ մը կը պահանջէ այն հաճութիւնները, զորոնք առաջ իբրեւ պարգեւ մը ընդուներ էր։ Ասիկա մարդկանց բնաւորութիւնն է որ կամաց կամաց կը տիրանան այն շնորհքներուն ալ, զորոնք կը վայլեն. երկայն վայելքը բնականապէս կը վարժեցնէ զիրենք վայլած բաներնին իբրեւ իրենցը համարելու. ասանկով վարժութիւնը կը համոզէ զիրենք որ բնական իրաւունք մը ունին իրենց բարեկամներուն կամացը վրայ։ Կ’ուզեն իբրեւ իշխանութեամբ կառավարել զանոնք. երբոր այս պահանջմունքները փոփոխակի են, ինչպէս որ շատ անգամ կը տեսնենք, անձնասիրութիւնը կը գրգռուի ու երկու կողմերէն ալ կը խօսի, դառնութիւն, պաղութիւն ու ծանր կշտամբանքեր, եւ այլն, կը պատճառէ։
Ասանկով երբեմն փոփոխակի իրարու վրայ այնպիսի պակասութիւններ կը գտնեն, զորոնք առաջ կը ծածկէին. կամ այնպիսի կիրքերու մէջ կ’իյնան, որոնք ա՛լ զզուելի կ’ընեն իրենց զբարեկամութիւնը, ինչպէս որ սաստիկ հիւանդութիւնները զզուելի կ’ընեն ամենէն աւելի քաղցր զուարճութիւնները։
Այսպէս ամենէն աւելի յարմար չեն հաստատուն բարեկամութեան մը անոնք, որ ամէն բանի մէջ ծայրը կ’անցնին։ Բարեկամութիւնը չըլլար մէկու մը վրայ անանկ վառվռուն ու անանք ամուր, ինչպէս երկչոտ ու լուրջ բնաւորութեամբ մարդկանց մէջ, որոնց զգաստ հոգին կը ճանչնայ զառաքինութիւնը. որովհետեւ բարեկամութիւնը կը սփոփէ անոնց՝ գաղտնեաց ծանրութենէն ու լռութենէն ճնչուած սրտերը, կը լայնէ կ’ընդարձակէ անոնց միտքը, զանոնք աւելի վստահացող ու աւելի աշխոյժ կ’ընէ, անոնց ծածուկ զբօսանացը, գործողութիւններուն ու զուարճութիւններուն հետ կը խառնուի. եւ բոլոր անոնց կենաց հոգին կ’ըլլայ։
Երիտասարդներն ալ նմանապէս սաստիկ զգայուն ու իրենք զիրենք վստահացող են. բայց իրենց վառվռուն կիրքերը կը վերացնէ զիրենք ու փոփոխամիտ կ’ընէ։ Զգայունութիւնն ու վստահութիւնը սովորական են ծերոց մէջ. բայց հարկը զիրենք իրարու կը մօտեցնէ, ու բանն է անոնց իրարու հետ ունեցած կապը։ Առջիններուն սէրը աւելի փափուկ է. իսկ վերջիններուն սէրը աւելի հաստատուն է։
Բարեկամութեան պարտքը այնչափ ընդարձակ է, որչափ որ չկարծուիր. մենք մեր բարեկամին թշուառութիւններուն մէջ իրեն ետեւէն կ’երթանք, բայց իր տկարութիւններուն մէջ կը լքանենք զինքը. ասով մենք քան զինքը աւելի տկար կ’ըլլանք։
Ով որ կ’ուզէ ծածկել այնպիսի բարեկամներ ունենալը, որոնց թերութիւնները խոստովանելու բռնադատուած է, իր նուաստութիւնը կը ցուցնէ։ Թէ որ ազատ ես դուն այս ախտերէն, ուրեմն յայտնի զքեզ համարձակ բերնով. տարածէ քու պաշտպանութիւնդ թշուառաց պակսութիւններուն վրայ. ասանկ անելով՝ որ եւ իցէ կերպով մը զքեզ վտանգի մէջ չես դներ, բայց մեծ ու վեհ մարդիկները միայն կրնան իրենք զիրենք ասանկ ցուցնել։ Տկարները իրար զիրար կ’ուրանան, վատութեամբ կը զոհեն զիրենք հասարակաց դատմունքներուն, որոնք շատ անգամ անիրաւ են, չեն կրնար կերպով մը դէմ կենալ անոնց։
Comments
Post a Comment