Դաստիարակութիւն ժողովրդական պատմութեան միչոցովը

Դաստիարակութիւն ժողովրդական պատմութեան միչոցովը 


ի Բազմավէպէ

 

(1859)

 

Մեր  հմտութիւնը մեռեալ է, եւ մեռելոց հետ կը խօսակցի։ Եւ պատմութիւնը լճացեալ ճահիճ մըն է, ոչ թէ ջուր մը որ իր ընթացքովը պարարտացնէ եւ բեղնաւորէ (բեղմնաւորէզհովիտը։ Անցեալ ժամանակի աւանդութիւնները պէտք է որ ներկայ քաղաքականութեան հարուստ զգեստ մը ըլլան։ Այսօրուան օրս մեր հարց յիշատակարաններն ու բնութեան հրաշալիքները՝ ռամկին համար անկարդալի գրեր են. եւ գրեթէ ամէնքնիս ռամիկ ենք։ Պէտք է նոր բաները հիներուն հետ կապակցնել, եւ ամէն դարերէ վեհանձն եւ կրօնական զգացման դաս առնել։ Ան ատեն աշխարհիս այսչափ հնութիւնը վայրապար տեղը չըլլար. գիտութիւնը երբոր ինչուան ժողովուրդը իջնայ, ա՛լ կրնայ աւելի բարձր ելլել։ Ժողովուրդէն շնչուելով մենք գրականքս ալ, աւելորդ ծանօթութիւնները մէկդի կը թողունք ան ատեն, եւ ցուրտ խօսքերուն աշխոյժ կու տանք։ Ժողովրդեան ախորժակը՝ քաջ քան զճարտասանութիւնս կը ցուցնէ մեզի գեղեցկութիւնը։

 

            Ստորին ժողովուրդը իր ազգային պատմութեան վրայ քիչ կամ ամենեւին տեղեկութիւն չունի. Պզտիկուց որբ մնացած որդւոյ մը պէս՝ իր ծնողաց անունն ու գործքերը չգիտեր։ Եւ ինչպէս որ անցեալ ժամանակը գոց է իր աչքին առջեւ, ասանկ ապառնին ալ մութ եւ դատարկ է իրեն համար։ Քիչ շատ բոլոր աշխարհիս վրայ աղքատը կոյր հսկայի մը կը նմանի, որ կաշխատի ու կը փռուի կը պառկի, կը հառաչէ ու կը գինովնայ։

 

            Բայց այրական ժամանակներու միջոցը՝ պատմութիւնն ու հաւատքը մէկ էին. խորանին վրայէն իբրեւ սրբազան երգ մը կը լսուէր ազգային թէ՝ փառաց եւ թէ վշտաց ձայնը. Քահանայն մեծարեալ երգեցիկ եւ պատմաբան մըն էր։ Ո՜հ, ամէնքնիս ալ ճշմարտին եւ ազնուին քահանայքն ըլլանք. անցեալ ժամանակին մէջ վազենք մտնանք եռանդուն եւ փառաւոր խօսակցութեամբ՝ իբրեւ սիրոյ լապտերաւ։ Առանց հպարտութեան եւ առանց յուսահատութեան ճառենք մեր ժողովրդեան կենաց վրայ։ Նոյն իսկ նախատինքն ալ կը դաստիարակէ։

 

            Նոր ախորժակներ զարթուցանելու համար հարկաւոր չէ միշտ նոր բաներ ստեղծել. բաւական է հիները նոր կերպարանքով մը ցուցնել։ Պատմութեան դասատուութեան աթոռ մը հաստատելէն աւելի աղէկ կըներ այն մարդն որ պատմական յիշատակներով վայելչաբար բացատրէր ժողովրդեան հայրենական քաղաքաց գեղեցկութիւնները, որոնք ինքիրեննուն լուռ պատեր մըն են բազմութեան սրտին մէջ, զբօսնաց առիթ մը՝ ճանապարհորդին, զարմանաց՝ արուեստագիտին, խորհրդածութեան՝ փիլիսոփային. բայց ոչ, ինչպէս պէտք էր ըլլային, պատճառ վեհանձն խորհրդոց՝ քաղաքացւոյն։ Պէտք է համառօտ ոճով ազգային քաղաքաց Առաջնորդ գրքեր շինել, որոնք միայն օտարականաց ծառայէն, այլ եւ քաղաքացւոյն, եւ դաստիարակութեան ձեռընտու ըլլան իրենք ալ. անանկ որ քաղաքացին ամէն տեսածին եւ ամէն անկեան վրայ հին յիշատակ մը կարդայ, եւ անկէց առիթ առնէ անցեալ եւ ներկայ ժամանակներուն մէջ բաղդատութիւններ ընելու, որ միշտ օգտակար է։

 

            Ուրուագրութեան արուեստները՝ թէ որ աս վախճանին ծառայելու ըլլան, ազդու դաստիարակ մը կրնան ըլլալ. եւ պատմութիւնն ալ իր յիշատակներովը կրնայ ազնուականացնել զանոնք, եւ անոնք ալ կրնան ծանօթացնել մարդկանց զյիշատակս պատմութեան։ Ուրիշ այնչափ անբաւ ծախուց գործքերու ծեռք զարնելէն ետքը՝ բան մը չէր թէ որ ազգային երեւելի արանց պատկերները կարգաւ փորագրուէին, եւ թեթեւ գնով դպրոցներու եւ գաւառաց մէջ բաժնուէին, եւ թէ՛ հարուստին եւ թէ աղքատին տանց պատերէն կախուէին. Ասոնք այնչափ խորհրդածութեանց առարկայ կըլլային, որ ընտիր գրքի մը ամենօրեայ ընթերցմունքէն աւելի օգտակարութիւն կունենային։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians