Հարստութիւն
Հարստութիւն
ի Բազմավէպէ
(1851)
Հաւատքն ալ փիլիսոփայութիւնն ալ կը գովեն աղքատութիւնը՝ երբոր առաքինական է, եւ շատ աւելի վեր կը դնեն այնպիսի աղքատութիւնը քան թէ հարստութեան անհանդարտ սէրը։ Եւ սակայն ասոր ալ կը հաւանին թէ մարդս կրնայ թէ՛ հարուստ ըլլալ եւ թէ այնպիսի պատուական աղքատներուն հաւասար աղէկութիւն ունենալ։
Աս բանիս համար ուրիշ բանի կարօտ չէ այնպիսին՝ բայց եթէ ասոր, որ իր հարստութեանը գերի չըլլայ. Ստկը գէշի բանեցնելու համար ոչ ժողվէ եւ ոչ պահէ, այլ մանաւանդ աս միայն ուզէ որ ստակը իրեն նման մարդկանց օգուտ ընելու բանեցնէ։
Մարդուս ամէն պատուաւոր վիճակներն ալ օրհնած են, ուստի նաեւ հարստութիւնն ալ. — բաւական է որ հարուստները իրենց յաջողութիւնը ուրիշ շատ մարդկանց բարիք ընելու գործածեն. բաւական է որ հանգստութիւնն ու ճոխութիւնը ծուլութեան ու հպարտութեան պատճառ չըլլայ իրենց։
Դուն՝ հաւանկան է որ ատ վիճակիդ մէջ մնաս՝ որուն մէջ որ ծներ ես, թէ մեծ հարստութենէ հեռու եւ թէ աղքատութենէ։ Նայէ որ ոչ երբէք տեղիք գտնէ քու վրադ այն ցած ատելութիւնն, որ շատ անգամ հարուստ չեղողներուն ու աղքատներուն սիրտը կը կրծէ հարուստներուն դէմ։ Ասիկա այնպիսի ատելութիւն մըն է որ սովորաբար փիլիսոփայական լեզուին ծանրութիւնը կ’առնէ. տաք տաք բացագանչութիւններ կ’ընէ զեղխութեան դէմ, այլ եւ այլ վիճակներուն իրարու խիստ անհաւասար ըլլալուն անիրաւութեանը դէպ, հարուստ մեծամեծներուն գոռոզութեանը դէմ. եւ սաստիկ փափաք մը կը ցուցնէ (ըստ երեւութիւն վեհանձնական փափաք) որ ամէնքը հաւասար ըլլային, եւ մարդկանց այնչափ խեղճութիւններուն թեթեւութիւն մը ըլլար։ Աս բաներուս ամենեւին մէկն ալ զքեզ չխաբէ, թէպէտ եւ յանկարծ նոյն բանը քանի մը անուանի մարդկանց բերնէն ալ լսես, եւ հարիւրաւոր ճարտասան իմաստակներու գրուածքներուն մէջ կարդաս, որ հասարակ ժողովուրդը շողոքորթելով՝ անոր գովեստները գնելու կ’աշխատին։ Այնպիսի բարկութեանց մէջ աւելի նախանձ՝ տգիտութիւն ու զրպարտութիւն կայ՝ քան թէ արդարութեան սէր։
Բաղդի անհաւասարութիւններուն ճար չկայ. եւ անոնցմէ չարիք ալ կ’ելլէ՝ բարիք ալ։ Այն մարդն որ այնչափ անէծքներ կու տայ հարուստին, ձեռքէն գար նէ սիրով անոր տեղը կ’անցնէր. ուրեմն թող հարստութեան մէջ գտնուողն ալ իր տեղը հաստատ կենայ։ Խիստ քիչ հարուստ կայ որ ունեցած ստակը չբանեցնէ. եւ ան բանեցնելովը՝ ամէնքն ալ հազարումէկ կերպով, աւելի կամ պակաս արժանաւորութեամբ, երբեմն ալ առանց արժանաւորութեան, հասարակաց բարւոյն գործակից կ’ըլլան։ Հոգի կու տան վաճառականութեան, ախորժակաց կրթուելուն, արուստից մէկմէկէ աւելի ծաղկելուն, աղքատութեան ձեռքէն ճարտարութեամբ փախչել ուզողին անհամար յոյսերուն։
Հարուստ ըսելէն ետքը, դատարկ՝ մեղկ՝ անօգուտ մարդիկ միայն հասկնալը, անխելք դիզաբանութիւն է։ Թէ որ ոսկին ոմանց ծուլութեան պատճառ կ’ըլլայ նէ, ուրիշներուն ալ այլ եւ այլ բարեգործութեան յորդոր կ’ըլլայ։ Մէկ ծաղկած քաղաք մը չկայ աշխարհիս երեսն որ մէջը հարուստները հասարակաց օգտին համար շէնքեր հիմնած եւ առաջ երթալուն պատճառ չըլլան. տեղ մը չկայ որ մէջը կամ ընկերութիւններով եւ կամ շատ շատ աղքատներուն օգնութիւն ընողներ չի գտնուին։
Ուրեմն հարուստներուն վրայ առանց բարկութեան եւ առանց նախանձու նայէ, ու ռամիկ մարդկանց ըրած զրպարտութիւնները բերանդ մի՛ առնուր։ Նայէ որ ոչ արհամարհես զանոնք, եւ ոչ վատ ըլլաս առջեւնին, ինչպէս որ չես ուզեր որ քեզմէ քիչ հարուստ եղողը արհամարհոտ կամ վատ ըլլայ քու առջեւդ։
Comments
Post a Comment