Դաստիարակութեան սկզբունքներ

Դաստիարակութեան սկզբունքներ

ի Բազմավէպէ

(1847)

Երբոր կուզես խրատներդ տղուն միտքը մնան ու օգուտ ընեն, պատմութեան ձեւով զուրցէ, կամ պատմութեան հետ խառնէ։

            Տղոց պակասութիւնը յանդիմանել ու շտկել կուզես նէ, նայէ որ խօսքերդ հեզ՝ հանդարտ՝ կարճ ու յստակ ըլլան. այնպէս որ յանդիմանութիւնդ աւելի վարձատրութիւն սեպուի՝ քան թէ պատիժ։

            Յանդիմանելու ատենդ նայէ որ ոչ խնդում ցուցնես երեսդ եւ ոչ ժանիք ընես։

            Տղոց սխալմունքին վրայ տհաճութիւն ցցուր, բայց բարկութիւն մի՛ ցուցներ. ան ատեն կը տեսնես որ տղաքն ալ կը կարմրին, բայց չեն սրդողիր։

            Զուարճախօսութեամբ տրուած յանդիմանութիւնը շատ օգուտ կրնայ ընել, միայն թէ մէջը արհամարհութեան եղանակ չգտնուի։

            Տղու մը խօսքէն առնուիլը յայտնի նշան է դաստիարակին իր պաշտօնը կատարելու անյարմար ու անկարող ըլլալուն։

            Տղայ մը յանդիմանելէդ ետքը, տեսար որ առնուեցաւ, քիթը կախեց, լացաւ. Աղէկ նայէ, չըլլայ թէ ան լացը աւելի հպարտութենէն ու քեզի դէմ բարկութենէն ըլլայ՝ քան թէ սրտին ցաւէն ու զղջալէն. Միտքդ կը դնես որ խրատեցիր ու շտկեցիր տղան, ու չես գիտեր որ մէկ մոլորթիւն մըն ալ աւելցուցիր վրան։

            Երբորդ տղայ մը ինքնիրմէ կը ճանչնայ ըրած յանցանքն ու կը ցաւի, լաւ նշան է։

            Ան պակասութիւններդ ու տկարութիւններդ որ տղաք հարկաւ պիտի ճանչնան ու պիտի հասկնան, մի՛ ծածկեր իրենցմէ. անով թէ սիրելի կըլլաս անոնց, եւ թէ բարի օրինակ։ 

            Տղու մը հետ միշտ խստութեամբ կամ միշտ անուշութեամբ վարուիս նէ, խստութիւնն ալ՝ անուշութիւնն ալ սովորական բան դառնալով անօգուտ կըլլան։

            Թէ որ յանկարծ մէկ խօսքդ ծանր գայ տղուն, մի՛ նայիր որ մէկէն ՚ի մէկ սիրտը առնես. Ապա թէ ոչ, աւելի վնաս կընես տղուն՝ քան թէ օգուտ։ Բայց երբոր անիրաւութեամբ ցաւցնես տղուն սիրտը, պիտի նայիս որ խոնարհութեամբ սիրտը առնես։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians