Բարոյական Առածներ

 Բարոյական Առածներ

ի Բազմավէպէ

(1843)

    Ամէն բանէ խելք սորվողը՝ ամէն իմաստուն կըլլայ։

    Ուրիշին վարքը մեր հայելին պիտի ըլլայ. անոր աղէկութենէն մեր պակսութիւնը պիտի շտկենք, գէշութենէն պիտի զգուշանանք։ Ո՛ր եւ իցէ պակասութիւն աւելի լաւ կը տեսնենք ուրիշի վրայ՝ քան թէ մեր վրայ։

    Շատ բան կայ որ ինչուան չսորվիս՝ չես կրնար ընել. շատ բան ալ կայ որ ինչուան չընես՝ չես սորվիր։

    Թաղէս փիլիսոփային հարցուցին, թէ ո՞ր բանն է որ աշխարքիս վրայ ամէն մարդ ունի. պատասխան տուաւ թէ «Յոյսն է. վասն զի ասիկա նաեւ անոնք ունին որ ամենեւին բան մը չունին»։

    Լաւ է իմաստունէն յանդիմանութիւն լսել, քան թէ յիմարէն գովասանք։

    Խրատելն ալ՝ խրատուիլն ալ ճշմարիտ բարեկամութեան նշան է. միայն թէ խրատողը համարձակ պիտի ըլլայ, խրատուողն ալ յօժարամիտ։

    Գիւղացիին մէկը գետէն անցնիլ ուզելով՝ կը սպասէր որ բոլոր գետը անցնի երթայ ցամքի՝ որ կարենայ ինքը հանգիստ անցնիլ. նոյնպէս կընէ՝ ով որ մէկ գործ մը չսկսիր ինչուան որ բոլոր դժուարութիւնները չվերնան։

    Սկսիլը՝ գործքին կէսն է։

    Նայէ որ իմաստուն ըլլաս, բայց տգէտ երեւնալ սորվիս. շատ փորձանքներու մէջ կիյնաս՝ թէ որ իմաստուն երեւնալ ուզես, ու իրօք տգէտ ըլլաս։

    Իմաստունին մէկը կըսէ եղեր թէ «Բոլոր աշխարհքս մեծ ու զուարճալի գիրք մըն է խելք ունեցողին համար. իսկ անխելքը կարդալ չգիտցող մարդու կը նմանի. գրքին աղուորութիւնը ի՞նչ օգուտ ունի անոր»։

    Մէկը ո՛րչափ ալ գիտուն կարծուի՝ տգէտ է, երբոր ուրիշները բոլորովին տգիտի տեղ կը դնէ։ Ատենով այսպիսի գիտուն մը կըսէ դիմացինին. «Դուն որ ամենեւին տգէտ ես՝ ի՞նչ կը վճարէիր թէ որ իմ գիտցածներս սորվէիր»։ Պատասխան կու տայ ան տգէտ կարծուած խելացին. «Գիտնաս, պարոն, որ երակներուս մէջի արեանը կէսը կը վճարէի՝ հրամանքիդ չգիտցած բաները բոլոր գիտնալու համար։»

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians