Որչափ մարդիկ այնչափ կարծիք

 Որչափ մարդիկ այնչափ կարծիք

ի Բազմավէպէ

(1851)

Եւրոպայի այս տարիներուս մէջ եղած խռովութիւններուն վրայ այլ եւ այլ ժամանակ խօսք ըլլալով, քանի մը բարեսիրտ հետաքրքիր անձանցմէ լսեր ենք այս հարցմունքը՝ թէ եւրոպացիք այսչափ իմաստութեան ետեւէ ըլլալով, այսչափ տեսակ գիտութիւններ, ուսմունքներ, արուեստներ ծաղկէցուցեր են մէջերնին, բայց ինչուան հիմա ի՞նչպէս չեն կրցած ձեռք ձգել ամենէն աւելի մարդկութեան հարկաւոր եղած բանը. այսինքն խաղաղութիւնը չեն կրցած թագաւորեցնելու մէջերնին. արդեօք չե՞ն մտածած աս բանիս վրայ։ Այս հարցմանս պատասխանը կարծեմ որ անհաճոյ բան պիտի չըլլայ շատերուն. կը յուսամ որ օգտակար ալ ըլլայ. անոր համար պատասխանը տալը հարկաւոր սեպեցինք։ 

        Եւրոպայի իմաստունները շատ մտածեր են, շատ հնարքներու ալ ձեռք զարկեր են այս բանիս համար, բայց չեն յաջողած։ Մանաւանդ թէ խաղաղութեան ճար ընելու ջանքով աւելի խռովութեան շատնալուն պատճառ եղեր են. վասն զի ուրիշ փորձերէն ի զատ՝ շատերն ալ կարծելով որ աշխարհքիս մէջ խռովութեան պատճառն է մարդկան այլ եւ այլ աստիճանի եւ զանազան վիճակի մէջ գտնուիլը, սկսեր են բնականի դէմ ճամբաներ մտածել՝ ջանալ որ ամէն մարդ հաւասար մէկ տեսակ վիճակի մէջ ըլլան։ Այս բանս անկարելի ըլլալով, կը տեսնենք թէ քանի որ աս բանիս ետեւէն սկսան ըլլալ մարդիկ, այնչափ աւելի խռովութիւնն ալ շատցաւ։ Եւրոպացւոց խելքին վրայ սքանչացող մարդ մը յիրաւի կը զարմանայ՝ թէ ի՞նչպէս այնպիսի ճարտար, հնարագէտ, խելացի մարդիկ այսպիսի անխելք բանի վրայ կ’ուզեն միաբանիլ. Բայց երբոր խելքով մտածենք, ամենեւին զարմանալու բան չենք գտներ։ Վասն զի Աստուած նիւթական արարածները մարդուն իշխանութեան տակը ձգեց՝ որ ուզածին պէս ի գործ ածէ. անոր համար որչափ որ մարդս աւելի մտածէ անոնց վրայ, այնչափ աւելի կ’իմանայ անոնց բնութիւնը, եւ կրնայ աւելի դիւրին ճամբով զանոնք իրեն պէտքին գործածել։ Անոր համար մարդուս ճարտարութիւնը եւ իմաստութիւնը կ’երեւնայ երբոր նիւթական արարածներուն բնութիւնը քննէ, ու հնարագիտութեամբ զանոնք գործածելու միտքը զբաղեցնէ։ Բայց մարդս պէտք է որ իր չափը գիտնայ, ու իր իշխանութենէն դուրս եղած բանի չի խառնուի։ Բանաւոր արարածներուն կառավարութիւնը Աստուած իրեն պահեր է. մարդուս խելքը այս բանիս խառնուելուն պէս պէտք է որ սխալի. անոր համար կը տեսնենք որ շատ ճարտար եւ խելացի մարդիկներ անհաւատ կ’ըլլան, ատեցող կ’երեւնան ճշմարտութեան. վասն զի իրենց խելքին վստահանալով, կ’ուզեն որ բանաւոր արարածներուն կառավարութեանն ալ խառնուին, եւ չի կրնալով՝ կը մոլորին։ Ասկից յայտնի է որ մարդկային իմաստութեամբ խաղաղութեան ճամբայ չի գտնուիր։ 

Եւ Եւրոպային իմաստունները քանի որ այս զանազանութիւնը չընելով կ’ուզեն ամէն բանի մէջ իմաստուն երեւնալ, միշտ իրենք կը սխալին, եւ իմասոտւթեան անունն ալ իրենց սեպհականած ըլլալնուն, ուրիշ ազգերուն ալ գայթակղելու եւ սխալելու պատճառ կ’ըլլան։ Դիմացէն պարոնը տե՛ս ինչ առարկութիւն կ’ընէ. իմ խօսքովս զիս պիտի բռնէ. —Թէ որ խաղաղութիւն ըլլալու ճարը Աստուծոյ ձեռքն է, ուրեմն ինչո՞ւ չի ցուցներ մեզի այս ճամբան, որ պարապ տեղը մարդիկ իրենք իրենց բնտռելու կ’ելլեն ու կը մոլորին։ —Ի՞նչ կարծես, պարոն, միթէ Աստուած մարդիկը կառավարելու մէջ բան մը պակաս կը թողո՞ւ, բայց Աստուծոյ ականջ դնող ո՞վ է։ Մարդիկ նիւթական արարածներուն վրայ խելքերնուն ճարտարութիւնը բանեցնելու ատեն՝ այնպիսի հարստութիւն մը կը ստանան, որ կարծեն թէ Աստուծոյ իմաստութիւնը իրենցմէ աւելի բան մը չունի. ուստի իրենց իմաստութեամբը կ’ուզեն որ Աստուծոյ նախախնամութիւնն ալ կարգի դնեն։ Ասկից ելած է այն խօսքը թէ գիտութիւն սորվողներուն շատը անհաւատ կ’ըլլան. որովհետեւ չեն սորվիր թէ ո՛ր բանը Աստուած իր իմաստութեանը պահեր է, եւ ո՛ր բանը մարդկանց իմաստութեանը յանձներ է։ Բայց մենք գիտնալով շիտակ իմաստութեան ճամբան, անոր հետեւելով սորվինք եւ սորվեցնենք։ Այսինքն՝ նիւթական արարածներուն վրայ գործածենք մեր ամէն իմաստութիւննիս, ճարտարութիւննիս, անկէ առաջ չանցնինք. իսկ բանաւորաց եւ Աստուծոյ նախախնամութեան գործոցը վրայ երբ ուզենք տեղեկանալ, գիտնանք որ խելք բանձեցնելով չենք կրնար գտնել, այլ պէտք է որ Աստուծոյ յայտնածին հնազանդինք՝ որ կատարեալ իմաստուն ըլլանք։ Հոս ուրիշ առարկութիւն մ’ալ դիմացնիս կ’ելլէ։ —Թէ որ մարդկանց կառավարութեան միայն Աստուած կը խառնուի, ինչո՞ւ հապա թող կու տայ որ մարդիկ խռովութեան մէջ մնան։ —Իրաւ մարդս Աստուծոյ կառավարութեան տակն է, բայց Աստուած զմարդն ազատ ստեղծեր է, եւ ի՛նչ որ մարդուս կարեւոր է սորվեցուցեր է. որ եթէ մարդ իր ազատ կամօք Աստուծոյ դրած ճամբան երթայ, խաղաղութիւն ալ կը գտնէ, եւ ամէն աղէկութիւն ալ կը վայելէ, եւ իր վախճանին ալ կը հասնի. բայց մարկիկ ազատ ենք ըսելով, Աստոծոյ դրած կարգաւորութեանը չեն հնազանդիր, անոր համար ալ խռովութեան եւ ամէն չարեաց կը մատնուին։ Փորձով հասկցնելու համար հիմ քննենք աս հանդիպած խռովութիւններուն պատճառները։

Այս ըսածներէն յայտնի է թէ խռովութեան մի միայն պատճառն է մարդուն չի հնազանդիլը Աստուծոյ կարգաւորութեանը։ Թէպէտ մարդիկ Աստուծոյ կարգաւորութեանը չի հնազանդելով մտքերնին խռովել չէ, բայց որովհետեւ Աստուծոյ կարգաւորութիւնը մէկ դի դրած կ’ուզեն իրենց խելքովը դարձնել ամէն բան, անոր համար ամէն մէկը իր խելքով մարդկութիւնը կարգի դնելու ջանալու ատեն, խելքերը իրարու դէմ կ’ելլեն, եւ այսպէս կը սկսին խռովիլ եւ այսնպէս մարդիկ այլ եւ այլ տեսակ կը բաժնուին. որով կը ճշմարտի այն կարծիքը՝ թէ մարդկանց մէջի խռովութեան պատճառն է իրենց շատ տեսակ ըլլալնին. բայց այս մարդկանց տեսակները, ինչպէս որ խօսքիս ընթացքէն յայտնի կ’երեւնայ, մարդկանց այլ եւ այլ աստիճանի ըլլալը եւ զանազան կենաց վիճակ ունենալը չէ, այլ մտքի դատման բաժանմունքն է. որովհետեւ զԱստուած ընդհանուր կառավարնին մէկ դի թողուած, ամէնքը իրենց մտքով կ’ուզեն մարդկութիւնը կառավարել. նոր նոր խելքեր բանեցնել, մտքերնուն ճարտարութիւնը ցուցնել, եւ ամենէն շնորհակալութիւն եւ գովեստ լսել։ Եւ այն աշխարհիս իմաստունները որչափ որ կը յաջողին նիւթական արարածներուն վրայ խելքերնին բանեցնելու ատեն, այնչափ աւելի կը սխալին, եւ փոխանակ օգտի չարեաց պատճառ կ’ըլլան բանաւոր արարածներուն կառավարութեան խառնուելու ատեննին. եւ ուրիշ կողմանէ իմաստուն երեւնալով, աս բանիս մէջ խենթերու գլուխը կ’անցնին, եւ խենթանոցը կապուելու արժանի յիմարական գործքերու մէջ իրենք զիրենք ընկած կը գտնեն։

Այսպէս ահա իմացուեցաւ որ աշխարհիս իմաստութիւնը մարդու հոգւոյն կառավարութեանը չի կրնար հասնիլ, անոր համար ալ խռովութիւնը վերցնելու մարդկային խելքով ճար չի կրնար ընել։ Բայց որպէս զի խօսակցութիւններնուս վախճանը պարապ չըլլայ, որովհետեւ եւրոպացւոց աշխարհի իմաստուններուն յիմարական փափաքն է ամէն մարդիկ մէկ տեսակի վերածել, անոր շիտակ ճամբան հոս քիչ մը մտածենք. գուցէ շատերն ալ չէ նէ՝ ոմանք օգտուին։

Այս բանիս մէջ յաջողելու համար նախ մտածենք թէ մարդիկ քանի տեսակ բաժնուած են այսպիսի կարծիքներով. ասոր վրայ շատ երկար մտածելու ալ պէտք չունինք. մեր ազգը շատոնց ճանչցեր է այս ապստամբ կարծեաց քանի տեսակ ըլլալը, եւ բաժանման վնասակարութիւնը. եւ այս կարծեաց բաժանմանէ առաջ եկած չարեաց ալ չի կրնալով առջեւը առնուլ, տեսակները միացնել, գրեթէ յուսահատած, սրտի ցաւով կանչեր է. Որչափ մարդիկ, այնչափ կարծիք. Եւ այս առած եղեր է ազգերնուս մէջ ամենուն բերանը. վէճ կ’ընեն կը հակառակին իրարու, եւ երբոր չեն կրնար միաբանիլ՝ ամէն մէկը իր խելքին հաւնած ըլլալով, վէճը դադրեցնելու մի միայն դարման այս առածը գտեր են, Որչափ մարդիկ, այնչափ կարծիք, կը կանչեն ու կ’առնեն կը քալեն։ Յիրաւի շիտակ խօսք. ահա մարդկանց տեսակին թիւը կատարեալ. բայց քիչ մարդուն մտքին սարսափ եւ յուսահատութիւն կը բերէ. Որչափ մարդիկ, այնչափ կարծիք. ուրեմն որչափ մարդիկ, այնչափ տեսակ մարդ։ Այս ի՞նչ խելքէ դուրս բան. ամենեւին մէկ ազգ կենդանի չի կայ որ մարդուս պէս շատ տեսակ ունենայ. մենք մտքերնիս դրեր էինք՝ թէ այլ եւ այլ ազգ անբաններուն մէջ զանազան տեսակներ կը գտնուին, այլ եւ այլ պատճառներով շատցած, բայց մարդս մէկ տեսակ է՝ ամէնն ալ մէկ մարդէ մը առաջ եկած ըլլալով. հիմա կը լսենք եւ խղճովնիս ալ կը վկայենք թէ մարդուս թիւը որչափ է, տեսակն ալ այնչափ է. ի՞նչպէս ուրեմն կարելի է խաղաղութիւն ըլլալ այսչափ անթիւ տեսակ մարդկանց մէջ։ Հիմա մէյմը համրեցէք թէ այս տանս մէջ քանի՛ հոգի էք, եւ գիտցէք որ այս տանս մէջ այնչափ տեսակ մարդ կը բնակի. այս քաղքիս մէջ մեր ազգէն քանի՞ հոգի կայ, ուրեմն աս քաղքիս մէջ այնչափ տեսակ ազգային բնակիչ կայ։ Սովորաբար ի՛նչ եւ իցէ բանի մէջէն խառնակութիւնը վերցնելու համար տեսակները զատելու է իրարմէ, ու ամէն մէկ տեսակը առանձին շարելու է։ Ասկից կը հետեւի որ՝ մարդկանց մէջէն խռովութիւնը վերցնելու համար ամէնքն ալ իրարմէ զատելու է. այս բանս ի՞նչպէս կրնայ ի գործ դրուիլ. Այս անկարելի է. ուրեմն մարդուս մէջ ալ խաղաղութիւն ըլլալն անկարելի է։ Բայց մենք գիտենք ի բնական օրինաց՝ որ մարդս ընկրեարական է, ուրեմն մարդս միշտ խռովութեան մէջ ապրելու համար եղած է. վասն զի իրենց ընկերական, եւ կարիքնին իրարմէ զանազան. ուստի մէկ կողմանէ հարկադրուած են մէկ տեղ կենալու, եւ ուրիշ կողմանէ ալ զանազան կարծեօք իրարու դէմ պէտք է որ խօսին, յայտնի է որ խռովութիւնը մէջերնէն պակաս պիտի չըլլայ։ Յիրաւի այդպէս է եթէ մարդկային իմաստութեամբ ուզենք զանոնք կառավարել. Որովհետեւ անբան կենդանեաց պէս բնութեան ետեւէն երթալը հարկ կը սեպեն, խելք բանեցնելով բնութեան յաղթել չեն ուզեր. ասանկ նիւթական սկզբունքով մէկ տեղ կեցողները խռովութիւնը այն աստիճանի կը հասցնեն որ իրար փարատելը իրաւունք կը սեպեն։ Ուրեմն բանը աղէկ հասկնալու համար արմատէն պէտք է քննենք. մարդուս ընկերական ըլլալն ինչէ՞ն յայտնի է. ի բնական օրինաց, բնութեան կարօտութենէն, որ Աստուած զմարդիկ իրարու կարօտ ստեղծեր է։ Իսկ մարդկանց կարծեօք իրարմէ բաժնուելնին ինչէ՞ն առաջ կու գայ. ոչ ի բնական օրինաց եւ ոչ ալ Աստուծոյ կարգաւորութենէն. այլ մարդուն ինքզինքը եւ իր վախճանը չի ճանչնալէն. անոր համար կը տեսնենք որ ամէն մարդիկ ընկերութեան կարօտ են, բայց ամէն մարդիկ խռոված չեն. կան մարդիկ որ մէկ տեղ սիրով կրնան կենալ։ Ուրեմն Աստուած որ զմարդը ընկերական ստեղծեր է, յայտնի է որ խաղաղասիրութիւնն ալ անոր սրտին մէջ տպաւորեր է. այս բանս անկից ալ յայտնի է որ խռոված մարդիկ ալ խաղաղութիւն բնտռելու հետ են։ Ուրեմն Աստուծոյ կարգաւորութեանը մարդիկ հնազանդելնուն պէս՝ մարդուս տեսակներն ալ կը ջնջուին, կարծեաց զանազանութիւններն ալ կը վերցուին։

Ինչուան հիմա ըսածներէս յայտնի եղաւ՝ որ մարդուս իր չափը եւ վախճանը չի ճանչնալն է պատճառ ամէն տեսակ խռովութեան. վասն զի աշխարհքս մէկ զարդարուն սենեակ մըն է, տանուտէրը՝ որ այս սենեակը զարդարեր է՝ Աստուած է. մենք աշխարհքիս բնակիչքը աղքատ, կարօտ մարդիկներ ենք՝ Աստուած զմեզ հագուեցուցեր, զարդարեր հոգեկան եւ մարմնական կատարելութիւններով ու հրաւիրեր է զմեզ այս սենեկիս մէջ, հոս բնակելու համար քիչ մը ատեն ընկերութեամբ։ Այս սենեկիս մէջ տանտէրը հայելի մըն ալ դրեր է՝ որ ամէն մարդ իր ինչպէս զարդարուած ըլլալը տեսնէ ու իր բարերարը օրհնէ։ Այս հայելին մեր մտքի կարողութիւնն է, որով մեր կատարելութիւնները կը ճանչնանք ու մենք մեզի կը սկսինք հաւնելու, ու կը գոհանանք զԱստուծոյ որ այսպիսի կատարելութիւններով զմեզ զարդարել է։ Սենեակը շատ զարդարուն, անանք որ մէջի մտնող հիւրերն ա՛լ դուրս ելլեն չեն ուզեր. հագուստին զարդարանքնին ալ շատ գեղեցիկ, անանկ որ իրենք իրենց գեղեցկութեանը վրայ կը զարմանան ու չափէ դուրս կը հաւնին քանի որ հայելին կը նային. այս ինքն քանի որ մտքով մեր հոգւոյն կատարելութիւններուն վրայ կը մտածենք. ինչուան հոս ըստ կարգի է. պէտք էր որ այսպիսի փառաւոր սենեկի մէջ այսպիսի զարդարուած հիւրեր ամէնքը մէկ տեղ ուրախանային, ու ամէնքը մէկ բերան զտանուտէրն օրհնէին։ Բայց տե՛ս դու մարդկանց անմտութիւնը փոխանակ մէկ տեղ ուրախանալու, սաստիկ խռովութիւն շփոթութիւն մը հաներ են սենեկին մէջ խելքի մտքի չանցած ծաղրական պատճառաւ մը. Ամէն մէկը կ’ուզեն որ հայելւոյն մէջ իրենք միայն երեւնան. հայելին նայելով իրենք իրենց այնչափ կը հաւնին, որ չեն ուզեր թէ ուրիշն ալ ինքզինքը հայելւոյն մէջ տեսնէ ու ինքն իրեն հաւնի. Այլ ամէն մէկը առանձին կ’ուզէ որ ուրիշները զինքը միայն տեսնեն ու իրեն միայն հաւնին, իրեն հետ մէկ տեղ զինքը միայն գովեն. եւ ինքն ալ չուզեր զուրիշը տեսնել հայելւոյն մէջ։ Ահա այս է բոլոր պատճառ աշխարհքիս մէջի այնչափ խռովութեանը։ Բայց ինչէ՞ն առաջ կու գայ այս անխելք փափաքը զինքը միայն տեսնելու հայելւոյն մէջ։ Ուշ դիր որ զարմանաս քու ըրածիդ վրայ։ Մարդս մինչդեռ ոչնչութեան մէջ ամէն նիւթական արարածներէն ալ անարգ, մէկ խօսքով երբոր ոչինչ էր, Աստուած զինքը առաւ հագուեցուց զարդարեց հոգւոյ եւ մարմնոյ կատարելութիւններով, ու բերաւ զինքը այս զարդարուած աշխարհքիս մէջ. մարդուն սրտին մէջն ալ դրաւ հանգստեան, փառաց եւ սիրոյ կրքերը. եւ այս իրեքն ալ այնպէս սաստիկ, որ բոլոր աշխարհքիս սենեկին զարդերը իր սրտին փառասիրութիւնը լեցնելու բաւական չեն. նոյնպէս ալ հանգաստութեան վայելքները եւ սիրոյ առարկները չեն բաւեր մարդուս հանգստեան անյագ փափաքները լեցնելու։ Աստուած կամաւ այսպէս անյագ ըրաւ մարդուս սիրտը՝ որ գոհ չըլլայ աշխարհքիս մէջի եղած վայելքներով, ու սրտին վայելիցը յարմար ալ աւելի փառաւոր տեղ մը գտնելու փափաքի, եւ հասկցուց ալ մարդուն՝ որ կայ այնպիսի սենեակ մըն ալ, որուն մէջ ինքն ալ ներկայ ըլլալով մարդուն փափքները պիտի լեցնէ։ Եւ մարդուս անխելքութիւնը հոս է՝ որ այնչափ Աստուծոյ տուածները կը վայելէ, ու մնացածին համար ըրած խոստմունքներուն ականջ չի դներ. ու ինքնիրեն կը սկսի ուզել լեցնելու իր փափքները աս աշխարհքիս սենեկին մէջ, եւ հոս չի գտնալով բաւական նիւթ, կը սկսի արգիլել ուրիշներուն, կարծելով թէ ասանկով ինքը մինակ փառաւոր երեւնալով իր սրտին փափքը լեցուի. ամենեւին չի մտածեր՝ թէ ուրիշներն ալ իրեն պէս մարդ են՝ անոնք ալ իր ունեցած փափաքներն ունին. իրենք ալ հայելւոյն դիմացն են, հայելւոյն առջեւն ըլլալ ու մեջը չերեւնալ այդ անհնարին բան է։ Բայց ինքը որովհետեւ Աստուծոյ կարգաւորութեանը միտ չի դներ, գլուխը տաքցած՝ չըլլալու բանը կ’ուզէ որ գործադրուի. կ'ուզէ ամենուն մէջ ինքը միայն փառաւորուի, անոր համար կը նախանձի, կ’ատէ, կը զրպարտէ, եւ այլն. Կ’ուզէ ինքը միայն հանգչի, անոր համար կ’ագահէ, կը խարդախէ, կը գողնայ, կը յափշտակէ, եւ այլն. եւ այսպէս դարձեալ աշխարհքիս սիրովը կ’ուզէ կշտանալ։ Եւ այս ամենէն առաջ կու գան անհաշտ թշնամութիւն, խռովութիւն, եւ ընդհաւնուր կարծեաց զանազանութիւն։ Մէկ խօսքով՝ այն կրքերն որ Աստուած մարդուն սրտի մէջ տնկեր է յաւիտենական երկնից փառքը եւ հանգիստը եւ իր աստուածային սէրը վայելելու համար, մարդիկ չի հնազանդելով Աստուծոյ կարգաւորութեանը, եւ իրենց խելքին խիստ հաւնելով, Աստուածոյ տուած հոգւոյ ձիրքերը իրենց անթիւ մոլութիւններու աղբիւր կ’ընեն, եւ այնպէս մոլորած ի կորուստ կը մատնուին։

Ահա տեղն ի տեղը հասկցար, բարեսիրտ հետաքնին, թէ ինչո՞ւ աշխարհիս իմաստունները չեն կրցած խաղաղութիւնը թագաւորեցնելու մէջերնին, եւ թէ իրենց իմաստութեամբը ոչ եբրէք պիտի կարենան, ինչուան որ յանձն չառնեն հնազանդելու Աստուծոյ կարգաւորութեանը։ Ասկից կը հետեւի որ մարդուս արջի գործքը պէտք է որ ըլլայ իր բուն վախճանը ճանչնալը, որ ըստ այնմ իր կրքերը չափու մէջ դնէ. վախճանը ճանչնալէն ետեւ աշխարհքիս մէջ վարուիլը դիւրին է։ Ընկերական ստեղծուած ես ուրիշի օգնելու, եւ ուրիշէն օգնութիւն գտնելու համար. ուրեմն եթէ կ’ուզես որ քեզի վայելուչ կերպով խաղաղութեամբ ապրիս, նախ միտքդ հաստատ դրած՝ որ սրտիդ ուզած փառքը, հանգիստը եւ սիրոյ առարկան հանդերձեալ կենաց յաւիտենականութեան մէջ պիտի գտնես, ջանա որ ի՛նչ վիճակի մէջ որ Աստուած զքեզ դրեր է, այն վիճակին մէջ գոհ ըլլաս. եւ միտքդ դիր որ ուրիշ մարդիկ ալ քեզի օգնելու համար եղեր են. դու քու կողմանէդ ձեռքէդ եկած օգնութիւնը ջանա ընելու ամենուն։ Եւ ամենեւին մի՛ մտածեր ուրիշի վրայ՝ թէ ի՛նչ մտքի վրայ է, եւ թէ գէշ կամ աղէկ կ’ընէ, փառքի կը հասնի, կը հարստանայ, կ’իյնայ, կ’ելլէ, ի՛նչ կ’ընէ կ’ընէ. ասոնք քեզի մտածելու բաներ չեն. միայն թէ որ կրնաս անոնց օգնութիւն մը բարիք մը ընելու, ջանա որ ընես. կամ թէ կարօտ ես անոնց օգնութեանը, խնդրէ. եւ թէ որ օգնեն քեզի, շնորհակալ եղիր. իսկ թէ որ չօգնեն, միտքդ դիր՝ թէ չէին կրնար օգնել, այլ թէ ի՛նչ մտքով չօգնեցին, քեզի չիյնար քննել. ահա այս է մի միայն խաղաղութեան ճամբան։ Միայն մէկ բան մ’ալ կայ մտածելու. թէ որ ուրիշները քեզի պատճառ ըլլան վշտի, թշուառութեան, չթողուն զքեզ քու խաղաղութեանդ մէջ, ասոր ալ դիւրին ճամբան կայ յաղթելու։ Խանութ որ երթաս չե՞ս աշխատիր, հոգնիր, նեղութիւն քաշեր. այո. Ամէն բան կ’ընես. բայց այն խանութին մէջ վաստըկելու համար քաշած նեղութիւններդ խաղաղութիւնդ աւրող չես սեպեր. Ինչո՞ւ. Վասն զի շահելու համար են անոնք։ Ուրեմն ասոր նման՝ աշխարհքս խանութ է, աս խանութին մէջ պիտի աշխատինք. Ի՛նչ որ մեզի դէմ ուրիշները կ’ընեն, անոնք ամէնը մեր արուեստին աշխատանքներն են. միտքդ դիր որ ան վշտերը Աստուած կամօք կը թողու որ գան վրադ, որ համբերես, շահիս հոգւոյդ համար. այսպէս մտածելով ամենեւին մի՛ խռովիր. եւ ամենեւին սրտիդ խաղաղութիւնը մ’աւրեր. մանաւանդ թէ ասանկ մտածութենով սրտիդ մէջ աւելի մէկ մեծ մխիթարութիւն մը կը ստանաս որ Աստուծոյ սիրոյն վիշտ քաշեցիր։ Եւ ո՛րչափ, եւ ի՛նչ տեսակ մոլի մարդ որ կը տեսնես, վրանին ցաւէ՝ մտածելով որ նեղութեան մէջ են, օգնութեան կարօտ են, ու օգնող չունին, անոր համար մոլութեան վշտերու մէջ կը տանջուին։ Ահա այս է խաղաղ կեանք անցնելու ճամբան, ո՛ր աշխարհի մէջ որ աւելի շատ մարդիկ այսպէս մտածելով իրենց գործքերնին կարգի կը դնեն, այն աշխարհը ուրիշներէն աւելի խաղաղ կ’ըլլայ, եւ ամէն կողմէ աւելի կը ծաղկի, եւ ամէն տեսակ բարեօք կը լցուի։ Վասն զի յայտնի է՝ որ այսպէս մտածող մարդիկներ մէկ կողմանէ կը ջանան իրարու օգնելու, մէկ կողմանէ ալ կը փափաքին ամէն բանին շիտակն իմանալու. եւ որովհետեւ կիրք չեն բանեցներ, դիւրաւ կրնան աղէկը գէշէն ընտրել, ծուռը շիտակէն, պղտորն յստակէն, իմաստունը իմաստակէն, մոլարը ուղիղ ճամբէն. եւ այսպէս կարգաւորեալ ապրելուն աղէկութիւնները տեսնելով, իրենց բարեկամներուն ալ ամենուն յորդոր կ’ըլլան որ այս ճամբան բռնեն. եւ կը սկսին ձեռքերնէն եկած հնարքները մտածել եւ ի գործ դնել, միշտ փափաքելով որ խաղաղութիւնը ընդհանուր տարածուի, եւ խռովութիւնը ըստ կարի քիչ եւ անարգ մարդկանց մէջ մնայ։

Ո՜րչափ փափաքելի բան է որ մեր ազգայինք ալ այս բանիս խելք հասցնէին, ու այս ճամբով սկսէին առաջ երթալ. վասն զի առաջ երթալու ուրիշ ճամբայ չի կայ. Ուրիշ ո՛ր դին դառնան, դիմացնին կ’ելլէ կրքերու ժայռեր, մոլութեանց վախեր, եւ ինքնահաւանութեան գազանաբնակ անտառներ։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians