Լամա

Լամա

ի Բազմապէպէ

(1843)

Մեր ազգին ուսումնասէրներուն մէջ քիչ կան որ Ռոպէնսոնի պատմութեան մէջ կարդացած չըլլան աս կենդանւոյս անունը, եւ թէ ի՛նչպէս ասոր մորթը Ռոպէնսոնին հագուստ եղեր է, ու միսը կերակուր։ Ասիկայ որոճացող չորքոտանիներէն է, եւ ուղտի տեսակ կը սեպուի։ Ամերիկայի հարաւային կողմերը կը գտնուի՝ թէ վայրենին եւ թէ ընտանին։

            Ուղտէն աս տարբերութիւնս ունի որ անկէ շատ պզտիկ է, ու աւելի վայելուչ, աւելի արագ ու սրտոտ, եւ անոր պէս կուզ կամ սապատող չունի, թէպէտ եւ ասիկայ ալ կաշիին տակը տեսակ մը սննդարար հիւթ ունի, որ կերակուրը պակսած ատենը անով կը սնանի։

            Քանի որ եւրոպացիք Փերուն չէին առած, հոն ոչ ձի, ոչ կով եւ ոչ ջորի կայ եղեր. Ուստի ան տեղի բեռ կրող կենդանին աս լաման էր, որ կը գործածէին ինչուան նաեւ երկիր հերկելու։ Լամային քալուածքը դանդաղ է. Եւ թէ որ շատ ստիպես որ սովորականէն շուտ քալէ, մէկէն կիյնայ կը պառկի գետինը, ու ճար չըլլար վերցնելու. Անոր համար իրեն տէրն ալ շուտ կը նայի որ մորթէ ու կաշին առնէ, որ գէթ անիկայ մնայ քովը։

            Բեռ տանելու ատեն միշտ բազմութեամբ կերթան լամաները. Քառասուն-յիսունի չափ ալ պարապ կու գան ետեւէն, որ երբոր առջեւինները յոգնին՝ անոնք անոնց տեղը բռնեն։ Խիստ զգուշութեամբ կը քալէ լաման զառիվեր տեղերը, եւ ոտքը յարմար է նաեւ ապառաժներու վրայ ելլելու։ Մէկ լաման ինչուան 100 լիպրէ ծանրութիւն կը վերցնէ։ Միսը շատ համով է, բրդէն ալ խիստ աղէկ չուխա կը շինուի։

            Աս կենդանիս երբոր բարկանայ մէկում դէմ, անոր երեսը կը թքնէՈր իրեն մէկ հատիկ զէնքն է։ Ամերիկացիք կըսեն թէ լամային թուքը այրող զօրութիւն մը ունի, անանք որ դպած տեղը կուռեցնէ ու կը վիրաւորէ. բայց ուրիշները սուտ կը հանեն աս կարծիքը։ Լամային վայրենի տեսակը, որ կուանաք կը կոչուիխումբ խումբ կը քալէ, երբեմն ինչուան երկու երեք հարիւրը մէկտեղ։ Ասոնք թէ որ անցաւոր մը տեսնեն, վախնալու ու փախչելու տեղ՝ առաջ զարմանալով կը նային վրան, ետքը ամէնը մէկէն կը ձգեն կը փախչին, լեռներուն ծայրերը կելլեն։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians