Աղաւնի (Գլուխ Ա)

Աղաւնի

Բրոսբէր Մէրիմէ

Թարգմանուած արեւմտահայերէնի ի գաղղերէնէ ի Վենետիկ յ1863

Ա.

Հոկտեմբերի առջի օրերուն 181… տարւոյն՝ իռլանտացի սըր Թովմաս Նէվիլ հազարապետն, որ անգղիացի բանակին նշանաւոր պաշտօնակալաց մէկն էր, Իտալիոյ ճամբորդութենէն դառնալով իր միածին աղջկանն հետ՝ հասաւ Մարսէյլ ու Պօվոյ պանդոկն իջաւ։ Հետզհետէ Իտալիա գացող անթիւ ճանապարհորդաց զարմանքը՝ կամաց կամաց այսօրուան օրս անտարբերութեան փոխուած է, անանկ որ շատ ճանապարհորդք նշանաւոր անձինք երեւնալու համար՝ բնաւ զարմանք չեն ցուցներ։ Անոնցմէ էր հազարապետին դուստրը՝ Լիւդիա օրիորդը։ Ռափայէլի Այլակերպութիւնը միջակ բան մը երեւցեր էր իր աչքին, եւ բռնկած Վեսուվը՝ հազիւ հազ Պիրմինկէմի գործարանաց կրակարաններէն վեր։ Իր Իտալիոյ չհաւնելուն պատճառ կու տար՝ տեղական յատկութիւն եւ որոշիչ հանգամանք չունենալը։ Ով որ կրնայ թող հասկնայ այս երկու բառերը. քանի մը տարի առաջ ես ալ կը հասկնայի, բայց այսօրուան օրս չեմ ըմբռներ։ Ճանապարհորդութենէն առաջ Լիւդիա օրիորդը կը կարծեր անանք բաներ տեսնալ Ալպեան լեռներէն անդին, որ ոչ ոք տեսած ըլլար իրմէն առաջ. սակայն ամէն տեղ իր հայրենակցաց հետքը կը տեսնէր, եւ նոր բան չգտնելուն վրայ յուսահատած՝ վերի ճանապարհորդաց կարգն անցաւ։ Իրօք մարդուն սիրտը շատ կը կոտրի՝ երբորդ Իտալիոյ հրաշալեաց վրայ խօսելու ատենը, դիմացինն հարցնէ իրեն թէ «Սա քաղաքին սա պալատին մէջ Ռափայէլի սա պատկերը տեսա՞ծ ես. Իտալիոյ մէջ աղուոր բան մը կայ նէ՝ ան է». Եւ ինքն անհոգութեամբ զանիկայ տեսած չըլլայ։ Ուստի որովհետեւ դիւրին բան չէ ամէն բան տեսնել, այդպիսիք անխտրաբար վար կը զարնեն ո՛ եւ է բան։

            Լիւդիա օրիորդն անգամ մը շատ պզտիկ ինկաւ Պօվոյ պանդոկին մէջ. Սէնեի քաղաքին կիւկլոպեան կամ պելասգեան դրան ազնիւ ծրագիր մը շինած էր, եւ մտքէն չեր անցներ թէ իրմէն առաջ մարդ ծրագրած ըլլար զանիկայ. Բայց Ֆրէնսէզ Ֆէնուիք տիկնոջ հանդիպելով Մարսէյլի մէջ, անոր յիշատակի տետրին մէջ նուագի մը եւ թոռմած ծաղկի մը մէջ տեսաւ նկարուած զանիկայ Սիենայի դեղին հողուն ներկովը։ Լիւդիա մէկէն սենեկապան աղախնոյն տուաւ իր ծրագիրն եւ պելասգհեան շէնքերուն վրայ համարմունքը կորսնցուց։

            Նոյն կարծիքներն հաղորդեր էր իր հօրը՝ Նէվիլ հազարապետին, որ իր կնոջ մահուընէն ետեւ՝ աղջկանն աչքովը կը տեսնար ամէն բան, եւ սաստիկ կարհամարհէր զԻտալիա Լիւդիան ձանձրացնելուն համար, անոր համար ալ անկէց աւելի ձանձրալի երկիր չէր գտնար աշխարհիս մէջ։ Իրաւ նկարներու եւ արձաններու դէմ չէր խօսէր հազարապետը, բայց որսը շատ քիչ է կըսէր եւ Հռոմայ դաշտին մէջ տասը փարսախ տեղ առաջ երթալու է բաց օդուն մէջոր կարենաս քանի մը խեղճ կարմիր կաքաւներ որսալ։

            Մարսէյլ հասնելուն երկրորդ օրը՝ Նէվիլ սեղանի հրաւիրեց Էլլիս հարիւրապետն որ ատենօք իր աջակից պաշտօնակալն եղած էր։ Էլլիս վեց շաբաթ Գորսիգա կղզին կեցեր էր ու անկից կը դառնար. Աշխոյժ նկարագրութեամբ պատմեց օրիորդին աւազակաց պատմութիւն մը, որ բնաւ չէր նմանէր Հռոմէն Նէապոլսոյ ճամբուն վրայ եղած գողոց պատմութիւններուն։ Աղանդերի միջոց երկու զինուորականները մինակ մնալով՝ Պորտոյի գինւոյ շիշերը առջեւնին դրած՝ որսի վրայ խօսք բացին, եւ հազարապետն իմացաւ որ Գորսիգայի մէջ ամէն տեղէ աւելի առատ, ընտիր ու տեսակ տեսակ որս կայ։ –— Շատ կինճ կայ հոն, զրուցեց հարիւրապետը. բայց սորվելու է զանազանել զանոնք ընտանի խոզերէն, որ շատ կը նմանին անոնց. ապա թէ ոչ՝ եթէ խոզ մը սպանելու ըլլաս, չես կրնար խալըսիլ խոզարածներուն ձեռքէն։ Վերէն վար զինեալ դուրս կելլեն անտառին մէջէն որ իրենք մաքի կը կոչեն, կենդանւոյն գինը կառնեն քեզմի ու կը խնտան վրադ։ Կայ նաեւ վայրի ոչխար, այլանդակ կենդանի մը, որ աղէկ որս է, բայց որսալը դժուար։ Եղջերու, այծեամն, փասիան, կաքաւիկներ, եւ ուրիշ այնչափ երէ վայրի՝ որ համրանքը չկայ։ Թէ որ հրացան կուզես պարպել նէ, հազարապետ, Գորսիգա գնա. Հոն ամէն տեսակ որսի վրայ կրնաս նշան առնել, սարիկէն սկսեալ ինչուան մարդու վրայ։

            Թէյի միջոցը՝ հարիւրապետը նորէն զուարճացուց զօրիորդը խոտորնակ վրէժխնդրութեան մը պատմութեամբը, որ առջի պատմութենէն աւելի նորօրինակ էր. Եւ անոր զարմանքը բռնկցուց Գորսիգայի վրայ, երկրին վայրենի տեսքը նկարագրելով՝ աննման ուրիշ անխարհաց, բնակչաց նախատիպ բարքը, հիւրասիրութիւննին ու նահապետական կենցաղնին։ Ետքը ընծայ ըրաւ աղջկան պզտի դաշոյն մը, գեղեցիկ ձեւով եւ աղուոր պղնձի կոթով՝ բայց աւելի նշանաւոր անով, որ հռչակաւոր աւազակ մը տուեր էր զայն Էլլիսի, ապահովցնելով որ չորս մարդու մարմինը խոթուած էր։ Լիւդիա գօտին անցուց զանիկայ, գիշերը անկողնին քովի ստոլին վրայ դրաւ, եւ պառկելէն առաջ երկու անգամ պատերնէն դուրս քաշեց։ Հազարապետն ալ մտքին մէջ երեւակայեց որ վայրի ոչխար մը սպաններ էր եւ տէրը կենդանւոյն գինը կը պահանջէր իրմէ. Սիրով կը վճարէր զայն Նէվիլ, որովհետեւ հետաքրքրական կենդանի մըն էր՝ կինճին նման, եղջերուի եղիւրներով եւ փասիանի պոչով։

            Երկրորդ օրը նախաճաշկի վրայ հազարապետն իր աղջկան՝

            — Էլլիս կըսէ թէ, զրուցեց, շատ զուարճալի է որսորդութիւնը Գորսիգայի մէջ. թէ որ հեռու չըլլար նէ, կուզէի տասնըհինգ օր մը հոն անցնել։

            — Ինչո՞ւ չէ, պատասխանեց Լիւդիա, ի՞նչ արգելք կայ Գորսիգա երթալու։ Դու կորսաս, ես կը ծրագրեմ. Ի՛նչպէս կը փափաքիմ յիշատակի տետրիս մէջ նկարել ան քարայրն ուր Էլլիս ըսաւ թէ Պոնաբարդէ տղայութեան ատենը կերթայ եղեր ուսման ետեւէ ըլլալու։

            Թերեւս այս առաջին անգամն էր որ հօրը փափագին գլուխ կը ծռեր աղջիկը։ Զարմացաւ հազարապետն ասանկ անկարծելի դէպքի մը վրայ. եւ խոհեմաբար՝ սկսաւ դժուարութիւններ հանել՝ Լիւդիոյ ինքնահաճ կամքը գրգռելու համար. Երկրին վայրենութիւնը մէջ բերաւ, եւ թէ դժուարին էր կանանց ճանապարհորդել հոն. Սակայն Լիւդիա պատասխանեց որ բանէ մը չէր վախնար, ձիով ճամբայ ընելէն աւելի ախորժելի բան չկար իրեն համար, բաց օդու մէջ պառկիլն ալ զուարճութիւն էր. ապա թէ ոչ կըսէր՝ Փոքր Ասիա կերթամ։ Չերկնցնենք, ամէն ընդդիմութեան պատասխան գտաւ. անգղիացի կանայք բնաւ ոտք կոխած չըլլալով Գորսիգա, պէտք էր որ ինքն երթար։ Ի՜նչ երջանկութիւն պիտի զգար երբ Լոնտրայի Ս. Յակոբ հրապարակը դարձած՝ կարենար իր յիշատակի տետրը ցուցնել։ — Ինչո՞ւ համար ազնիւ օրիորդ, տետրիդ երեսը կը կարձնես որ չկարենամ տեսնել մէջի գեղեցիկ ծրագիրը։ — Բան մը չարժեր. գորսիգացի հռչակաւոր աւազակի մը կերպարանքն է ծրագրածս, որ մեզի առաջնորդութիւն ըրաւ։ — Ի՞նչ կըսես. Գորսիգա՞ գացիր։

            Ան միջոցին Գաղիոյ եւ Գորսիգայի մէջ շոգենաւ չէր բանէր. ուստի նաւ մը բնտռեցին դէպ ի այն կղզին ճամբորդ։ Նոյն օրը մէկէն հազարապետը Բարիզ գրեց ետ առաւ սենեակ բռնելու տուած հրամանը, եւ դաշնադրեցաւ գորսիգացի կօլէդի մը հետ, որ դէպ ՚ի Այաչչիոյ ճամբայ ելլելու վրայ էր, եւ երկու սանկ նանկ սենեակներ ունէր։ Ճամբու պաշարներն առին. նաւապետն երդմունք ըրաւ որ ծերունի նաւաստի մը ունէր վարպետ խոհարար. խօսք տուաւ օրիորդը գոհ ընելու, եւ յաջող քամի ու հանդարտ ծով գուշակեց։

            Հազարպապետն՝ աղջկան վրայ տալովը՝ խօսք դրաւ նաւապետին հետ որ ուրիշ ճամբորդ չառնէ, եւ նաւը կղզւոյն ափունքներէն քալցնէ, որպէս զի լերանց տեսքը կարենան վայլել։

Comments

Popular posts from this blog

In Defense of Civilization

Learn Classical Armenian!

Movses Khorenatsi's History of the Armenians