Աշխարհաբառ լեզուի վրայ
Աշխարհաբառ լեզուի վրայ
ի Բազմավէպէ
(1843)
Երբոր ազգային լեզուն պահելու հարկաւորութիւնը եւ օգտակարութիւնը մէջ կը բերէինք, խօսքը հոն եկաւ թէ մաքուր խօսակցութեան համար աշխարհաբառ լեզունիս կանոնի մը դնել պէտք ըլլայ նէ՝ արդեօք ո՛ր աշխարհաբառը ընտրելի է։ Ան հատուածը ուշադրութեամբ կարդացողը՝ մէկէն հասկցած է թէ մեր միտքը ոչ միայն գրաբառ լեզունիս ետ ձգել, կամ աշխարհաբառը գրոց լեզու դարձնել չէ, հապա ընդ հակառակն՝ գրաբառը դիւրաւ ծաղկեցնելուն հնարքը գտնել ու սորվեցնել է. Ինչպէս որ յայտնի կերեւնայ նաեւ ան պայմաններէն որ ընտրելի աշխարհաբառին հարկաւոր սեպեցինք։ Հիմա, հոնտեղը ըրած խոստմունքնիս կատարելու համար՝ քիչ մը աւելի բացատրենք մեր նոյն կարծիքը։ Ընտրելի աշխարհաբառը ան ատեն ազնիւ կըլլայ ըստ կարի, եւ շատին հաճոյ, շատին ալ դիւրաւ հասկնալի, երբոր արդէն գրաբառի մօտեցած ըլլայ ուրիշներէն աւելի, ու ասկէ ետքն ալ աւելի մօտենալու վրայ ըլլայ. այնպէս որ առանց իմացուելու, այսինքն առանց մեծ դժուարութեան, գրաբառ լեզուին հետ միանայ։ Թէ որ ինչպէս մեզի՝ նմանապէս ուրիշներուն ալ հարկ երեւնայ աս հիմանս վրայ ընել մեր ընտրութիւնը, մէկէն կ'իմացուի թէ աս ընտրելի լեզուն ան պիտի ըլլայ՝ որ ինչուան հիմա առհասարակ գործածուեր է քանի մը գրուածքներու մէջ, ու գրաբառին մօտեցնելու ջանքով քիչ շատ մաքրուեր է. եւ ահա աս է ընդհանրապէս նաեւ մեր բանեցուցած լեզուն աս օրագրիս մէջ։ Ուրեմն թէ որ աս լեզուիս համար կարճառօտ քերականութիւն մը շինուի՝ հետը տաճկերէնէ հայերէն բառգրքով, ան ալ՝ լաւ քննութեամբ ամենապարզ, մաքուր, ու նիշտ գրաբառի մօտեցնելու ջանքով, մեր յոյսը եւ կարծիքը ան է թէ ասով նախ՝ գրաբառ սորվիլը աւելի դիւրին կըլլայ մեր ազգին. երկրորդ, մեր ազգայինք հասարակաց լեզու մը կունենան մաքուր. անոր կը հետեւին իրենց խօսակցութեանը մէջ, եւ անով կը գրեն ռամիկներու եւ տղոց համար պէտք եղած գրքերը՝ քան թէ օտար լեզուով։ Այսպիսի բաղձանքով նաեւ մեր երջանիկ նախահայրը Մխիթար աբբահայր՝հարկաւոր եւ օգտակար ճանչցեր է աշխարհաբառ լեզուի քերականութիւն մը շինել՝ չափաւոր ընդարձակութեամբ 1726-ին, որ ձեռագիր պահուած է իր գրուածքներուն մէջ. եւ ինքը 1727-ին անոր համառօտը տպած է՝ տաճկերէն բացատրութեամբ, որ հիմա խիստ քիչ կը գտնուի։
Իրաւ է որ աս աշխարհաբառին ոճը աւելի փոքր Ասիայի կամ տաճկաստանի հայերէնի ոճոյն կը նմանի՝ քան թէ պարսկաստանի կամ լեհաստանի կամ Վանայ կողմերուն եւ հայաստանի ուրիշ խոր գաւառներուն հայերէնին. բայց ասոր պատճառն ալ յայտնի է. վասն զի ինչուան հիմա աշխարհաբառ լեզուով բան գրող ու տպողները աւելի փոքր Ասիայի ու Պօլսոյ ազգայիններն եղած են. Անով ի հարկէ աս ոճս ալ իրաւունք մը ստացեր է՝ ուրիշ աշխարհաբառներէն աւելի հասարակաց լեզու սեպուելու. եւ նոյն իրաւունքը աւելի ալ հաստատեր է՝ հետզհետէ մաքրուելովն ու հայաստանի մաքուր ոճերուն կամ թէ գրաբառին մօտենալովը։ Եւ որպէս զի որոշ իմացուի թէ ճշմարիտ է աս բանս, եւ թէ մեր ընտրելի ըսած լեզուն չէ, հապա անոր մաքրուածն ու կոկուածն է, հոս կարճ օրինակ մը դնենք բուն պօլսեցւոց հասարակ աշխարհաբառէն, դիմացն ալ հիմակուան մաքուր սեպուած աշխարհաբառը, որուն տարբերութիւնը մէկէն կը տեսնուի։
Պօլսեցւոց մէջ շատը կան որ ասկէ մաքուր կը խօսին. բայց որովհետեւ ասկէ խառնակ խօսողներ ալ շատ կան, մենք ասիկայ միջակը կը սեպենք։ Հիմա մէյմէկ օրինակ ալ դնենք ջուղայեցւոց ու մաճառստանցոց (Հունգարիացիներուն) հայերէնին։
Աս լեզուով կը խօսին ընդհանրապէս պարսկաստանի՝ հնդաստանի եւ վրաստանի հայերը. շատ աղէկ ոճեր ու բառեր ունին գրաբառի նման, եւ մէջերնին ոմանք շատ մաքուր կը խօսին՝ օտար բառերուն տեղը գրաբառ գործածելով։ Հոս դրած օրինակնիս Շրոտերին քերականութենէն առինք, որ ջուղայեցիներէն սորված է հայերէնը, եւ աս խօսակցութիւնները անշուշտ անոնց շարադրել տուած։
Ուրիշ անգամ առիթ կունենանք նաեւ հայաստանի եւ ուրիշ տեղերու այլեւայլ գաւառական լեզուներուն ճաշակը տալ։ Միայն թէ նորէն կիմացնենք, որ ամէն գաւառական լեզու կամ հնչմունք՝ ինչպէս որ զանազան պակասութիւններ, ասանկ ալ այլեւայլ կատարելութիւններ ու գեղեցկութիւններ ունի. ուստի ոչ միայն արհամարհել պէտք չէ եւ ոչ մէկը, այլ նաեւ աղէկութիւններուն հետեւելու պէտք չէ ամչնալ. թո՛ղ որ ազգասէր ու ուսումնասէր մարդը ամէնուն ոճէն ու հնչմունքէն ալ շատ խելք կը սորվի ու կը զմայլի։
Կը մնայ որ նորէն միտք ձգենք ազգասիրաց մեր փափաքը. նախ՝ ամէն մարդ ջանայ իր ազգային հայերէն լեզուովը խօսիլ. երկրորդ՝ ջանայ լեզուն մաքրել օտարազգի բառերէն եւ ոճերէն. երրորդ, ջանայ գրաբառին մօտեցնել իր խօսուածքը ու գրուածքը՝ որպէս զի գրաբառ գրքերը դիւրաւ հասկնայ եւ հասկցնէ. չորրորդ, ռամիկներու եւ տղոց համար պէտք եղած գրքերէն զատ՝ ուրիշ ամէն գիրք մեր բուն հայրենի ազնիւ եւ պատուական լեզուովը շարադրէ, որ է գրաբառը։
Comments
Post a Comment