Այլակերպութիւն Բառարանի
Ա.
Ագանելիք — մարդահաճութիւն։
Ազատութիւն — է բոյս ինչ որ կը գտնուի Ամերիկայի կողմերը։
Ազգական — գանձ եթէ բարի եւ հարուստ է. գլխու փորձանք եթէ աղքատ է։
Ազդր — որքան կը ծափահարուի թատրոններու մէջ եւ որքան փառասէր հեղինակներ դերասանուհւոյ մը ազդրին ուղղուած ծափահարութիւններն իրենց թատերգութեան կը վերընծայեն։
Ամենակեր — շռայլութեան բերանը։
Այցետոմս — տոմսերու այցելութիւն։
Անամօթութիւն — կարծեաց ազատութիւն։
Անառիկ — հաւատարիմ կնոջ սիրտը։
Անասելի — ճշմարտութիւն։
Անբնակ — այն տեղերն ուր առաքինութիւն կը բնակի։
Անխիղճ — անոնք որ միշտ կ’ըսեն. «ձեռքս խղճիս վրայ դնելով կ’երդնում որ…»։
Անկողին — գերեզմանին մանրանկարն, ուսկից ամեն օր յարութիւն կ’առնէ մարդ։
Առակ — ճշմարտութիւնն դիմակաւոր։
Առանձին — երբ տգէտներու քով գնտուի ոք։
Առաջնորդ — ժողովրդեան ետեւէն գնացող։
Առողջութիւն — բժշկաց թշնամին՝ զոր սպաննել կ’աշխատին եւ շատ անգամ ալ կը յաջողին։
Արձագանգ — դերձակ երեսփոխան մ’որ կը կրկնէ ինչ որ ըսէ այն երեսփոխանն որուն երեք չորս ձեռք հագուստ կը ձեւէ եւ կը կտրէ տարին։
Արձան — տնկուած մեծ մարդոց վրայ կը բուսնի։
Արտեւանունք — աչաց փեղկերը։
Բ.
Բաղաձայն — աղքատութիւն որ ինքնիրմէ ձայն չկրնար հանել։
Բաղանիք — քաւարան մարմնոյ։
Բանալի — գողերուն քով ամեն տեսակը կը գտնուի։
Բանտ — դիւանագիտական փակագիծ։
Բարդութիւն — ամուսնութիւն բառերու։
Բարեբախտ — այն որ չնախանձիր ուրիշներուն երջանկութեանը։
Բարեգործութիւն — ռամկական բառ որ գործածելի չէ։
Բարեկամութիւն — ինչ որ շատ դժուար է գտնել տժբախտութեան մէջ, որովհետեւ հարուստներն կը գնեն զայն իրենց դրամին շնորհիւ։
Բարեկենդան — յիմարութեան շաբաթ։
Բարեպաշտ — այն որ եկեղեցւոյ փսիաթներն համբուրելով կը մաշէ եւ յետոյ կերթայ որբերուն դրամն իւր կոկորդն անցունել։
Բարետոհմ — այն որ շատ ոսկի ունի։
Բարձրաձայն — այն որուն ձայնն բարձր հասակ մ’ունի։
Բացակայ — առաքինութիւն։
Բեռնակիր — այն որ անտանելի կին մ’ունի։
Բերան — ժամանակաւ սրտին թարգմանն էր, յետոյ հրաժարեցուցին զինքն այն պաշտօնէն եւ շահու թարգման անուանեցին։
Բեւեռ — շաղկապ։
Բժիշկ — կալուածատէր մեր մարմիններու։
Գ.
Գազան — բարի, անկեղծ եւ սիրուն արարածներ որ իրենց անօթութեան յագուրդ տալու նպատակաւ միայն կը յարձակին երբեմն տկար էակներու վրայ։
Գազանաբարոյ — բարեբարոյ։
Գաղափար — որքան ոտք այնքան կաղապար։
Գաւազան — խօսքն իմս է։
Գերեզման — անդիի աշխարհ բանող թունելին կայարանը։
Գիշեր — գողերու համար բարեպատեհ առիթ մը։
Գողութիւն — պզտիկն պատժոյ արժանի է։
Գութ — ջղային տկարութիւն։
Գրկախառնութիւն — բարդ բառ մը։
Դ.
Դագաղ — անդիի աշխարհին նամակատուփը։
Դասալիք — քաջ։
Դափնի — ոտանաւորին եւ բրաձուկի խորովածին մէջ կը գործածուի։
Դժուարակիր — աղքատութիւն։
Դի — ինչ որ չշարժիր։
Դիմակ — ո՞ր տեսակէն կուզէս։
Դիւրավաճառ — շողոքորթութիւն։
Ե.
Եթէ ոջ — սպառնական ձեւ մ’որ ազդեցութիւնն կորուսած է։
Ելակ — մուտքն արգիլուած է աղքատաց համար։
Եկամուտ — հարուստներու յատուկ բառ։
Երազ — մտքի նաւարկութիւնն առանց կողմնացոյցի եւ ղէկի։
Ե՞րբ — անպատճառ հիմայ, եթէ առնելիք ունիս. գալ շաբթու մէջ օր մը հանդիպէ ինձի, եթէ տալիք ունիս։
Երդում — սուտն իբրեւ ճշմարիտ ընդունել տալու համար կը գործածուի։
Երեկոյ — օրուան վերջակէտը։
Երես — ժամանակաւ ամեն մարդ ունէր։
Երեսփոխան — ուրիշին շահերը պաշտպանելու պաշտօնով իւր շահուց ծառայող։
Երեւելի — միշտ ուրիշներու թերութիւնները։
Երեկ — երախայ անցեալ մը։
Երիտասարդ — երբեմն տարիքի գարունն էր, այսօր աշունն է։
Երկանակեաց — կարճ կեանք ունեցողն։
Երկայնամիտ — անհոգ։
Երկասիրութիւն — թուղթի կտորներ, որոց մէջ նպարավաճառներն պանիր կը փաթթեն։
Երկդիմի — ազնիւ, քաղաքավար։
Երկուորեակ — երկու հատոր մէկ տեղ հրատարակուած։
Երկչոտ — այն որ դրամ չունի։
Զ.
Զարթնուլ — պզտիկ յարութիւն մ’առնել։
Զգեստ — ածական մ’որ մարդուս վրայ դրուելով անոր որպիսութիւնն կը ցուցանէ։
Զեղջել — ազգային պաշտօնէից ամսականաց վրայ կը խոնարհի այս անկանոն բայն։
Զղջալ — մէկու մը բարիք ընելէն ետքը մեր զգացումը։
Զմուռս — գործնական շողոքորթութիւն։
Զոհ — «ինքզինքս զոհ կուտամ» ըսելով է որ կը յաջողի մարդ ուրիշները զոհել։
Զրկանք — իրաւունք է երբ հարուստի մը կողմէ ի գործ կը գրուի։
Զրոյց — ականջ մի կախեր։
Զրպարտութիւն — խմբագրաց գրասենեակներու մէջ շատ կը գտնուի։
Է.
Էշ — օրինակ խոնարհութեան եւ համբերութեան, որմէ ամեն մարդ հատ մ’ունենալու է իւր սենեակին մէջ։
Ը.
Ըղձալի — ինչ որ ուրիշներն ունին։
Ըմպելի — բաժակ գովեստից։
Ընդ — նախդիր մ’որ մեր պաշտօնէից ոմանց պէս ամեն բանի մէջ կը մտնէ։
Ընդարձակ — գողութեան ասպարէզը։
Ընդունելի — մեր հրամանին վճարելի փոխանակագիրներ։
Ընդօրինակել — գրագիտաց ոմանց հեղինակելը։
Ընթերցարան — գրասենեակ մ’ուր նարտ ու թուղթ կը խաղան։
Ընծայ — կը տրուի փոխարէն բան մը ձեռք բերելու համար։
Ընկեր — անթիւ երբ դրամ ոսկի ունիս։
Թ.
Թեթեւութիւն — բարձրանալու տրամադրութիւն։
Թոթովել — մէկ խօսքը հազար անգամ կրկնել։
Թողութիւն — կը ներենք երբ չկարենանք վրէժ լուծել։
Ժ.
Ժամանակաւ — կը գտնուի եղեր մարդարսիրութիւն։
Ժառանգութիւն — ուրիշին ճակտին քրտանց պտուղն ուտել։
Ի.
Իմաստակ — աղաւաղումն իմաստում բարին։
Ինքնայօժար — բռնի։
Իրաւագետ — իրաւունքը հալածող։
Իրաւունք — հարուստներուն կը տրուի միշտ։
Լ.
Լաբիւրինթոս — մեր խնդրոց կարգը։
Լիրբ — գործունեայ։
Խ.
Խաբեբայ — դիւանագէտ։
Խանձարուր — պատանքին տղան։
Խնկաման — տեսակ մը լրագիր։
Խրատ — դեղ մ’որ ականջով կը խմուի. Սակայն շատերն կը դժկամակին խմել զայն, եւ իրենց ականջներն անով զարդարելով կը շատանան։
Խօսնայր — աղջիկէ մը խօսկ առնողն միշտ անոր սիրտն ալ կառնէ՞ արդէօք։
Ծ.
Ծածուկ — ծանուցումն։
Ծանծաղամիտ — մարդ՝ որուն մտքին մէջ խղդուելու վախ չկայ՝ որովհետեւ խորունկ չէ։
Ծանրաբեռն — անթոսի ուղեւորութեան ընթերցողն։
Ծափահարութիւն — ձեռքերու կեցցեն։
Ծեծ — զարկ, բայց անձնականիս մի՛ դպչիր։
Ծերութիւն — կենաց թատրերգութեան վերջին վարագոյրն։
Ծիծ — աղբիւր կենաց։
Կ.
Կանխիկ — ստա՞կ.—ոչ։ շնորհակալութիւ՞ն.—ընդունեցէ՛ք, առէ՛ք, որչափ որ կուզէք։
Հ.
Համարատու — այն որ համար չտար։
Համբոյր — խածնել։
Հայհոյութիւն — փաստի սով։
Հայրենասիրութիւն — քսակը լեցնել։
Հանգանակութիւն — պաշտօնական մուրացկանութիւն։
Հաւանականութիւն — երեք քառորդ ճշմարտութիւն։
Հաւատափոխութիւն — խղճի գաղթականութիւն։
Հիմնադիր — այն որ հիմնայատակ կընէ։
Հիւրասէր — այն որ հիւրէն օգտուիլ կաշխատի։
Ճ.
Ճամարտակութիւն — նոր եւ դիւրին արհեստ մը ստակ վաստակելի համար։
Մ.
Մաճ — մշակին գրչակալն։
Մամոնայ — անիրա՛ւ քեզի…
Մայրապետ — մայր շատ մայրերու։
Մարդավարութիւն — սրտիդ հակառակ վարուիլ։
Մարդատեաց — մոլի մ’որ միշտ սրտէն կը խօսի։
Մարմին — բժիշկներու ստացուածքը։
Մեղք — տուգանքը վճարէ՛ եւ կը խալսիս։
Միջնորդ — երրորդն է որ կը շահի միշտ։
Մրցանակ — ինչ որ տկարներու կը տրուի ՚ի քաջալերութիւն։
Յ.
Յամառութիւն — որքան դժուար է սխալն խոստովանիլն։
Յոյս — եթէ ուրիշներն խաբելու մէջ դժուարութիւններ կը տեսնենք ինչո՞ւ ինք զինքնիս չխաբենք։
Ն.
Նուաստ — աղերսագիրներու տակ կը գտնուի միայն, եւ այն ալ ծառայի մը հետ։
Նուաստութիւն — ով կընդունի։
Նպատակ — միշտ ուրիշներն են որ կը հասնին մեր նպատակին։
Նսեմ — գրագիտաց ոմանց դրութեանց համար կը գործածուի։
Շ.
Շահ — զմեզ շարժող շոգին։
Շահագէտ — ընդհանուրին շահուց պաշտպան։
Շալփաղփանք — ինչ գեղեցիկ կերպով տրամաբանեց եւ խնդիրն պարզեց։
Շատանալ — աւելին վայելելու յոյսը կտրել։
Շնական — առաքինութիւնն խենթեցած։
Շողոմարար — ժամանակիս պահանջմանց համաձայն վարուող։
Շուկայ — սուտերու գործարան։
Շրջաբերական — բարեհաճեցէ՛ք ինձի գործ տալ։
Ո.
Որկրամոլ — մանաւանդ երբ պնակ մը դնես առջեւը լի . . . գովեստով։
Ուսանիլ — տգիտութիւն ճանչնալ։
Ուրանալ — սիրտ մ’որուն յիշողութիւնը տկար է։
Չ.
Չարութիւն — բարութեան վրայ կը հոլովի։
Պ.
Պայմանագրութիւն — յօդուած վերջին. «Երկու կողմն ալ ազատ պիտի լինի սոյն պայմանագրութիւնն առ ոչինչ համարել։»
Պանիր — սեղանին վերջաբանը։
Պատանդ — վստահութիւն ունիմ վրադ. Սակայն յարգենք օրէնքն։ Հազա՞ր ոսկի կուզես, երեք հազար ոսկինոց տունդ իմ անուանս դարձուր։
Պատուհաս — երուսաղեմի պարտքը։
Պատսպարան — անհոգութիւն։
Պատրուակ — պատճառին կեղծը։
Պարգեւ — ինչ որ բռնութեամբ կարնեն։
<...>
Comments
Post a Comment