Թուղթ Ընդհանրական Ներսեսի Կաթողիկոսի Հայոց. Մասն Ա
Թուղթ Ընդհանրական Ներսիսի Կաթուղիկոսի Հայոց
(Գրոց եւ աշխարհիկ բարբառովք)
—
Ներսէս ծառայ Քրիստոսի եւ ողորմութեամբ նորին կաթուղիկոս Հայոց: Ընդհանուր հաւատացելոց հայկականացդ սեռից, որք յարեւելս՝ ի սեփհական աշխարհդ Հայաստանեայց բնակեալք, եւ որք յարեւմտեան կողմանսդ սահեալք նժդեհութեամբ, եւ որք ի միջերկրեայս՝ ի մէջ այլալեզու ազանց տարաբերեալք, եւ որք յիւրաքանչիւր յեզերս աշխարհաց ըստ մեղաց մերոց ցրուեալք ի քաղաքս եւ ի դղեակս, ի գիւղս եւ յագարակս, որոց այդոցիկ ամենեցունց՝ քահանայապետաց եւ քահանայից, վանականաց եւ քաղաքայնոց, իշխանաց եւ իշխեցելոց, զինուորաց դասուց՝ ձիավարժից եւ հետեւակաց, գաւառապետաց եւ գործակալաց, տանուտէրաց եւ երկրագործաց, վաճառականաց եւ արուեստագիտաց ողջո՜յն սիրոյ եւ խաղաղութեան հասցէ յԱստուածընկալ եւ փրկական սրբոյ նշանէս եւ ի հրեղէն լեզուաց Հոգւոյն ընդունողաց առաքելական նշխարաց, եւ ի սուրբ Լուսաւորչին մերոյ Աջէս եւ Աթոռոյս:
Քրիստոսի ծառայ ներսէս եւ նորին ողորմութեամբը Հայոց կաթողիկոս արեւելից կողմը Հայաստանեայց սեպհական աշխարհին մէջ բնակող, եւ արեւմտեան կողմերը պանդխտութեամբ գնացող, եւ միջերկրեայ տեղուանք՝ այլալեզու ազգաց մէջ ցրուած, եւ մեր մեղացը համար աշխարհին ամէն մէկ կողմը քաղաքները, դղեակներու, գիւղերու ու ագարակներու մէջ տարտղնած հայազգի ընդհանուր հաւատացեալներուն, եւ անոնց ամենուն քահանայապետներուն ու քահանաներուն, վանականներուն ու քաղաքայիններուն, իշխողներուն ու իշխեալներուն, զինուորներու դասերուն, թէ ձիավարժներուն թէ հետեւակներուն, գաւառապետներուն եւ գործակալներուն, տանուտէրներուն ու երկրագործներուն, վաճառականներուն ու արուեստաւորներուն եւ իրենց կամացը ու յօժարութեանը համեմատ կենցաղոյս այլ եւ այլ ճանապարհները գացողներուն, արանց եւ կանանց, մանկանց եւ երիտասարդաց, չափահասներուն եւ ծերերուն, անոնց որ աշխարհիս օրինացը համեմատ կը վարուին, եւ անոնց որ վարուք գերաշխարհիկ են, Աստուածընկալ ու փրկական սուրբ Նշանէս եւ Հոգւոյն Սրբոյ հրեղէն լեզուները ընդունող Առաքելական նշխարներէս, եւ մեր սուրբ Լուսաւորչին աջէս ու աթոռէս խաղաղութեան ու սիրոյ ողջոյն հասնի։
Comments
Post a Comment